Արցախը Ձեզի Հետ Է, Մեր Սիրելի՛ Սուրիահայեր

Այն օրերէն, երբ իրականացուցին մեր ազգի մեծամասնութեան բնաջնջումը, անցած է բաւականին ժամանակ: Փրկուածները` յոգնած ու թշուառ, հազիւ հասան իրենց հայրենիքի սահմաններէն հեռու գտնուող տարբեր երկիրներ…

Հայրենիքի հողին վրայ համախմբուելու մեր երազանքը, որ կը խոստանային քաղաքագէտները, չիրականացաւ: Աշխարհի գերտերութիւնները զոհեցին մեր այդ երազներն ի շահ իրենց շահամոլական նկատառումներուն… Հայոց մեծագոյն մասի ուծացումը հիւրընկալ երկիրներու մէջ արդէն ընթացքի մէջ էր,  բան մը, որ կը նուազեցնէ պատմական հողին վրայ փոխադրուելու եւ ապրելու հեռանկարը… Իսկ եթէ մենք բոլորս Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ջանանք պահպանել մեր ինքնութիւնը, ջանասիրութիւնն ու դիմացկունութիւնը, ապա այդ առանձնայատկութիւնները երաշխիք կ’ըլլան յաջորդ սերունդներու ապահով ապագային համար: Մեր յիշողութեան մէջ վառ պահենք հզօր թագաւորութիւններ, ծաղկուն գաւառներ տեսած Հայոց աշխարհը, որ միշտ կանգնած  եղած է արուեստի ու գրականութեան բարձունքին: Որպէս գանձ պահենք մեր ազգային հպարտութիւնը` մեր պետութիւնն ու պետականութիւնը:

Մեր հայրենակիցները, հանգրուան գտնելով օտար  շարք մը երկիրներ, ինչպիսիք են` Սուրիան, Լիբանանը,ԱՄՆ-ն եւ այլ երկիրներ, դարձեալ չկրցան ապրիլ լիարժէք խաղաղ ու հանգիստ կեանքով, վկան` սուրիական պատերազմական գործողութիւնները, այդ պատճառով հայ ժողովուրդի մէկ մասը դարձեալ բռնեց գաղթի ճամփան, պարզապէս, ի տարբերութիւն 1915 թուականին, այսօր մենք ունինք Հայրենիք, որն իր դռները բացաւ հայորդիներուն, իր զաւակներուն առջեւ:

Ողջո՛յն ձեզ սուրիահայեր, ողջոյն քեզ հալէպահայ ժողովու՛րդ, ողջոյն ձեզ մեր հայրենակիցներ. դուք մինակ չէք, փա՛ռք Աստուծոյ, արժանացաք մեր Արցախի մեծ սիրոյն ու յարգանքին:

Ողջո՛յն ձեզ, հայ մայրեր, ողջոյն ձեզ, հալէպահայ քա՛ջ մարտիկներ, ձեզ հետ է ողջ Հայաստանը, Արցախ աշխարհը, մենք կ’աղօթենք ձեզի համար, կ’աղօթենք, որ Հալէպը վերականգնէ իր երբեմնի պերճաշուք տեսքը:

Լուսինէ Ներսիսեան, Արցախէն, 2016 թուական, Յունիս

1

Scroll Up