ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունած Է Աւստրիացի Հայագէտ Եասմին Տում-Թրակութը
Հոկտեմբեր 5-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Զալցպըրկի համալսարանի Քրիստոնէական արեւելքի հետազօտական կեդրոնի հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ Եասմին Տում-Թրակութը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայագիտութեան առնչուող հարցեր: Աւստրիացի հայագէտը Սփիւռքի նախարարին ներկայացուց իր նախաձեռնութեամբ իրականացուած գիտական ու հասարակական բազմաթիւ նախագիծերը, ինչպէս նաեւ` իր ղեկավարած ամպիոնին եւ կեդրոնին գործունէութիւնը:
Եասմին Տում-Թրակութը Հրանոյշ Յակոբեանին հետ քննարկեց իր վերջին` «Փեոխի հայերը» նախագիծը, որուն ծիրէն ներս հայագէտը ուսումնասիրած է Աւստրիոյ պետական արխիւներուն մէջ պահուող Առաջին Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն հայ ռազմագերիներուն վերաբերեալ հետազօտութիւնները: առաջին աշխարհամարտի տարիներուն պետական հրամանով մարդաբան Ռուտոլֆ Փեոյխին յանձնարարուած է ցեղային հետազօտութիւններ կատարել Աւստրիոյ ռազմական ճամբարներուն մէջ գտնուող Ռուսական կայսրութեան 5000 ռազմագերիներու շրջանակին մէջ, որոնցմէ մօտ 191-ը` հայեր էին: Հայագէտին խօսքով` արխիւային փաստաթուղթերը կը պարունակեն հայերու անձնական տուեալները, հետազօտութիւններուն ընթացքին կատարուած է ֆիզիքական տուեալներու չափագրում եւ հաւաքագրում:
Եասմին Տում-Թրակութը հետազօտած է հայ ռազմագերիներու յետագայ ճակատագիրները, գտնելով անոնց ժառանգները եւ ուսումնասիրութեան նիւթերը` լուսանկարները, փաստաթուղթերը, վերադարձուցած ռազմագերիներու ընտանիքներուն:
Աւստրիացի հայագէտը Հրանոյշ Յակոբեանի հետ զրոյցին նաեւ յայտնեց, որ նպատակ ունի ուսումնասիրելու հայոց պատմութեան չբացայայտուած այլ էջեր: