Փոտոլսկի Հայկական Կիրակնօրեայ Դպրոցին ՄԷջ Ակսած Է Նոր Ուսումնական Տարին

Փոտոլսկի մէջ հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի գործունէութիւնը կը հանդիսանայ համայնքային ներուժը հայկական մշակութային արժէքներուն, հայկական պետականութեան ամրապնդման գաղափարին եւ հայ- ռուսական համագործակցութեան ծրագիրներուն շուրջ համախմբման դրական օրինակ: Այս մասին Հոկտեմբեր 2-ին յայտարարած է քաղաքագէտ Եուրի Նաւոյեան` աւանդաբար բացումը կատարելով Մոսկուայի մարզի Փոտոլսկ քաղաքի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի հերթական` տասնչորսերորդ ուսումնական տարին:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` ձեռնարկը տեղի  ունեցած է Փոտոլսկի թիւ 15 հանրակրթական դպրոցին մէջ, ուր կիրակի օրերուն կը գործէ հայկական կրթօճախը: Յիշելով հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի ստեղծման գործընթացքը, Եուրի Նաւոյեան նշած է, որ այս տարիները ապացուցեցին դպրոցին համար ընտրուած քառաստիճան համակարգի եւ յատուկ մշակուած ուսումնական ծրագիրի կենսունակութիւնը:

Դպրոցի յաջողութիւնը կ’ամրապնդուի նաեւ քաղաքի ու մարզի սոցիալական ու տնտեսական կեանքին, Հայաստանի հետ համագործակցութեան ծրագիրներուն անոր հարիւրաւոր շրջանաւարտներու աշխոյժ մասնակցութեամբ: Ան ներկաներուն շնորհաւորած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25 ամեակին եւ Ուսուցիչի օրուան կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ երկար տարիներու համագործակցութեան համար շնորհակալութիւն  յայտնած  Փոտոլսկի քաղաքապետարանին եւ թիւ 15 դպրոցի տնօրէն Ելէնա Վակուլեւային: Հայ գործիչը դպրոցի գրադարանին նուիրած է գրականութեան հերթական խմբաքանակը, որ հայ գրողներու ստեղծագործութիւններէն բացի կ’ընդգրկէ նաեւ Հայաստանի պատմութեան եւ մշակոյթին վերաբերեալ օտար հետազօտողներու ուսումնասիրութիւններ:

Նոր ուսումնական տարուան բացման հանդիսութեան ելոյթներով հանդէս եկած են նաեւ Փոտոլսկի «Նայիրի» ընկերութեան փոխնախագահ Արագեղեցիկ Ղազարեան, հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն Անդրանիկ Մկրտչեան եւ ուսմասվար Ալվարդ Սամսոնեան: Դպրոցի սաները ներկայացուցած են գեղարուեստական ծրագիր` կազմուած հայ գրողներու եւ երգահաններու ստեղծագործութիւններէն:

Փոտոլսկի մէջ հայկական «Նայիրի» ընկերութիւնը եւ կիրակնօրեայ հայկական դպրոցը 2003 թ. հիմնադրուած են Եուրի Նաւոյեանի նախաձեռնութեամբ` տեղի հայերու աշխատանքային խումբին հետ համագործակցաբար: Ատիկա տեղի ունեցած է Մոսկուայի մարզի խոշոր քաղաքներուն մէջ հայկական համայնքային կազմակերպութիւններ եւ դպրոցներ ստեղծելու ծրագիրի ծիրէն ներս:

Scroll Up