«Մուսա Լերան Քառասուն Օրը» Գիրքի Քաթալոներէն Թարգմանութեան Հեղինակին Նուիրուած Երեկոյ

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Հոկտեմբեր 7-ին, ժամը` 20:00-ին, Պարսելոնայի հայկական մշակութային միութիւնը Հայ տան մէջ կը կազմակերպէ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան քառասուն օրը» գիրքի քաթալոներէն թարգմանութեան հեղինակ Ռամոն Մոնթընին նուիրուած երախտագիտութեան երեկոյ:

Տարիներ առաջ դիտելով գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էգոյեանի «Արարատ» ֆիլմը` Ռամոն Մոնթընին շատ  տպաւորած է հայերու պատմութիւնը, որ Ֆրանց Վերֆելի վէպը թարգմանելու առիթ  հանդիսացած է:

 

Scroll Up