Կեանքը Ափի Մէջ. Հրանոյշ Յակոբեան
Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան նոր եթերաշրջանին մեկնարկած է նոր նախագիծ մը` «Կեանքը ափի մէջ»: Հաղորդումը կը վարէ ՀՀ վաստակաւոր արուեստագիտուհի Լուիզա Ղամբարեան: Անոր հիւրերը յայտնի մարդիկ են, որոնք մտերմիկ ու անկեղծ զրոյցի ընթացքին կը ներկայանան նոր ու հետաքրքիր անձնային որակներով:
Հաղորդման առաջին հիւրերէն է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Զրոյցին ընթացքին կը շօշափուին տարբեր հարցեր` ընտանիքէն ներս հայ կնոջ դերէն մինչեւ կին-ղեկավարի կերպարը, Անկախութեան արժէքէն մինչեւ պետականակերտումը եւ այլն: