Հայ Մաթեմաթիքոսը Ընտրուած Է Քրաքովի Եակելոնեան Համալսարանի Փոխ Նախագահ

Քրաքովի Եակելոնեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է 2016-2017 թուականներու ուսումնական տարուան պաշտօնական մեկնարկի արարողութիւնը: Աշխարհի մէջ մեծ ճանաչում ունեցող այս համալսարանի նախագահութեան մէջ` իբրեւ փոխ նախագահ, այս տարի կը պաշտօնավարէ նաեւ հայ փրոֆէսոր Արմէն Եդիգարեան:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Արմէն Եդիգարեան ընտրուած է Եակելոնեան համալսարանի ուսումնական գիծով փոխ նախագահի պաշտօնին 2016 թուականի Սեպտեմբերին նոյն համալսարանի Մաթեմաթիքայի բաժինին մէջ:
Արմէն Եդիգարեան մաթեմաթիքոս է: Ծնած է 1970 թուականին Կիրովապատի մէջ: Ամուսնացած է: