Հայաստանի ՄԷջ Գինիի Եւ Քոնեակի Արտադրութիւնը Աճած Է

ՀՀ Ազգային վիճակագրութեան ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն` 2016թ.-ի Յունուար-Օգոստոսին Հայաստանի մէջ արտադրուած է 11 468.8 հազար լիթր քոնեակ, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 29.3%-ով:

ԱՎԾ-ի փոխանցմամբ` 2015թ.-ի նոյն ժամանակահատուածին հանրապետութեան մէջ արտադրուած է 8 872.6 հազար լիթր քոնեակ:

Պաշտօնական վիճակագրութեան համաձայն`  մեր երկրին մէջ աճած են նաեւ գինիի արտադրութեան ծաւալները: Մասնաւորապէս, այս տարուան Յունուար-Օգոստոսին Հայաստանի մէջ արտադրուած է 3 779.1 հազար լիթր գինի. ցուցանիշը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 8.4%-ով:

Նշենք, որ 2015թ-ի Յունուար-Օգոստոսին Հայաստանի մէջ արտադրուած է  3 485.2  հազար լիթր գինի:

Scroll Up