«Ամենամեծ Իղձս Հայաստանին Ծառայելն Է». Արտօ Օքսայեան

Հոկտեմբեր 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ֆրանսայի Նիս քաղաքի Ծխական խորհուրդի վերընտրուած ատենապետ Արտօ Օքսայեանի գլխաւորած  պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին Նիսի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ Մարի եւ Յակոբ Ալթիփալակեանները, ԱՄՆ Նիւ Ճըրսի նահանգէն Աւետիս Օքսայեանը եւ Կլենտէլէն Առաքէլ Աճեմեանը:

Ողջունելով հիւրերը` ՀՀ սփիւռքի նախարարը հետաքրքրուեցաւ համայնքի նորութիւններով եւ յառաջիկայ ծրագիրներով, կարեւոր համարեց Արտօ Օքսայեանի հայանպաստ գործունէութիւնը համայնքը միաւորելու, զօրացնելու, Հայրենիքի հետ կապը ամուր պահելու ուղղութեամբ: Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ Սփիւռքի մէջ հայերը երկու խնդիր ունին` Հայրենիքի եւ հայութեան պատիւը բարձր պահելու եւ զբաղելու հայկական հիմնահարցերով` Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ դատապարտում, Արցախի անկախութեան ճանաչում, լոպինկով:

Նիս քաղաքի Ծխական խորհուրդի ատենապետ Արտօ Օքսայեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, շնորհաւորեց նախարարը վերընտրուելու կապակցութեամբ: Ան նշեց. «Ես արդէն երկու տարի է ՀՀ քաղաքացի եմ: Ամենամեծ իղձս  Հայաստանին ծառայելն է: Սփիւռքի հայութեան մեծ պարտականութիւնը Հայաստանի կողքին ըլլալը: Մեծ պարծանք է սփիւռքահայու համար օգտակար ըլլալ Հայրենիքին: Դուք մեզի պէտք է ըսէք, թէ ինչպէս»:

Նախարարը սիրով յստակեցուց. «Եօթ հարց կայ, որոնց լուծման շուրջ պիտի միաւորուեն Հայաստանը եւ Սփիւռքը, դրանք են`

  1. Հայաստանի հզօրացում, ուժեղացում,
  2. Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծում,
  3. Ցեղասպանութեան ճանաչում դատապարտում,
  4. Հայերէնի պահպանման հարցեր,
  5. Սփիւռքի առաւել կազմակերպում, միաւորում,
  6. Եկեղեցու շուրջ համախմբում,
  7. Վտանգի մէջ յայտնուած հայերին օգնութիւն, սատարում:

Մնացած հարցերը կարեւոր են, բայց ոչ առաջնային: Ի դէպ, այսօր ՀՀ նախագահի հրամանով 2 օդանաւ օգնութիւն` սնունդ, հագուստ, ուղարկուեց Սիրիա: Ուղեկցողների մէջ է նաեւ մեր աշխատակիցը»:

Հիւրընկալութեան ու հետաքրքիր զրոյցի համար շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ Հայաստանէն ստացած իրենց տպաւորութիւնները ներկայացուցին հիւրերը:

Արտօ Օքսայեանի եղբայրը` Աւետիս Օքսայեան, կը բնակի ԱՄՆ, Հայաստան  եկած է 24 տարի առաջ. «Հիացած եմ Երեւանով, Ստեփանակերտով: Անճանաչելի  դարձած են: Պէտք է աւելի զարգացնել, հզօրացնել Հայաստանը», աւելցուց ան:

Առաքէլ Աճեմեան անդրադարձաւ դրամատներու մէջ աւանդ ունենալու խնդիրին, պատրաստակամութիւն յայտնեց իր ներդրումը ունենալ Հայրենիքի մէջ:

Մարի եւ Յակոբ Ալթիփալակեաններուն նոյնպէս հիացուցած են Հայաստանի մէջ կատարուող փոփոխութիւնները: Տիկին Մարին մասնաւորապէս շեշտեց. «Մենք ամէն տարի կու գանք Հայաստան եւ ամէն անգամ աւելի գեղեցիկ, նորացուած կը տեսնենք մեր Հայրենիքը: Շատ մեծ յառաջընթաց կայ: Ինծի կը հիացնեն Երեւանի փողոցներու մաքրութիւնը, նորացուած անցումները, ժողովուրդի հագուածքը, պահուածքը: Ժողովուրդը բարեկիրթ է, բարեհամբոյր, ջերմ»:

Պարոն Յակոբ ոգեւորութեամբ ու գոհունակութեամբ նշեց Հայաստանի մէջ ատամնաբուժական ծառայութիւններու բարձր մակարդակի եւ մատչելիութեան մասին, նշեց, որ իրեն շատ ծանօթներ, ներառեալ եւ օտարերկրացիներ, կը նախընտրեն ատամները բուժել Հայաստանի մէջ:

Քննարկուեցան հայապահպանութեան ու լեզուի պահպանման, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրացման ու զարգացման ուղղուած այլ հարցեր:

1 2

Scroll Up