Խաղաղ Բնակչութեան Դէմ Հրթիռարձակումները Կը Շարունակուին Հալէպի մէջ

Կիրակի, 2 հոկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամերէն սկսեալ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կրկին շարունակեցին հրթիռարձակումները հալէպի խաղաղ բնակչութեան վրայ:

Նոյն օրը կէսօրէ ետք հրթիռակոծումի թիրախ դարձաւ Թելեֆոն Հաուաիի շրջանը: Ինչպէս նաեւ Ազիզիէ շրջանի գրախանութ «Ղասսան»ի շրջակայքը: Այս մասին ըստ «Հայերն այսօրի»՝ կը յայտնէ PERIO NEWS-ը:

Իսկ այսօր, երկուշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2016-ին, զանազան շրջաններ անգամ մը եւս թիրախ դարձան հրթիռներու ինչպէս Նուր Գիւղի մզկիթին մօր լուծարան «Նուր»ի շէնքը, բարեբախտաբար չպայթեցաւ:

Երկու օրուան ընթացքին ինկած հրթիռներուն պատճառով արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:
Միւս կողմէ կը շարունակուի սուրիական բանակի զինուորական ծանր գործողութիւնները զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու դէմ:

Scroll Up