ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան սիրելի´ աշխատակազմ.

Սիրով կը շնորհաւորեմ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ամբողջ աշխատակազմը, անոր ղեկավար տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանը` նախարարութեան գործունէութեան 5-ամեայ  յոբելեանի առթիւ:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը իր հիմնադրման օրէն ի վեր  անսպառ եռանդով կ’աջակցի  հայապահպանման սուրբ գործին` անսահման հոգատարութիւն ցուցաբերելով սփիւռքի մէկօրեայ դպրոցներու նկատմամբ:

Շնորհիւ Սփիւռքի նախարարութեան`  ա´լ աւելի կը սերտանայ  աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու եւ Հայրենիքի կապը:

Նշելով ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան արգասաւոր գործունէութիւնը անցած 5 տարիներուն ընթացքին` կը ցանկամ անոր յետագայ յաջողութիւններ, բեղմնաւոր աշխատանք,  նորանոր յաղթանակներ,  ձեռքբերումներ եւ բազում վերելքներ` ի շահ մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին:

Ռուզաննա Թաթուլեան

Լոնտոնի Գէորգ Թահթայեան կիրակնօրեայ ազգային վարժարան

 

Scroll Up