Սուրիահայ Բժիշկի Բարեգործական Ծրագիրները Հայաստանի Մէջ Կը Շարունակուին
Բժշկական գիտութիւններու դոկտոր, վիրաբոյժ, բազմաթիւ բժշկական աշխատութիւններու հեղինակ, ACMA-ի (Հայկական Քրիստոնէական Բժշկական Միութեան) հիմնադիր եւ նախագահ դոկտոր Ճանի Հատատը կրկին Հայաստանի մէջ է:
Տարին 2-3 անգամ սուրիահայ բժիշկը կու գայ ու վիրահատութիւններ կը կատարէ Հայաստանի տարբեր բժշկական հաստատութիւններու եւ ԼՂ-ի մէջ: Այս այցի ծիրէն ներս` 1 շաբթուան ընթացքին, բժիշկը կը հասցնէ քանի մը հարիւրի հասնող հիւանդներու զննել եւ անհրաժեշտութեան պարագային` վիրահատել:
Բժիշկ Հատատը արդէն 38-րդ անգամն է, որ նման այց կը կատարէ Հայաստան: Այս այցի ծիրէն ներս Ճանի Հատատ հերթական անգամ այցելեց Գիւմրի, ուր Սեպտեմբեր 22-24 տարաբնոյթ 50 վիրահատութիւն կատարած է, իսկ մինչ այդ աւելի քան 200 խորհրդատուութիւն: Այս անգամ վիրահատութեան ու խորհրդատուութեան համար Գիւմրի եկած էին ոչ միայն Շիրակի մարզի տարբեր համայնքներէն, այլ նաեւ Լոռիէն ու հարեւան Վրաստանի հայաբնակ համայնքներէն: Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս բժիշկին կը դիմէին ճողուածքներ, թութք, խպիպ, քաղցկեղ եւ այլ խնդիրներ ունեցող անձիք: Իւրաքանչիւր վիրահատութիւն բժիշկին կողմէ կը կատարուի փոքր բացուածքով, որ հնարաւորութիւն կու տայ հիւանդին հէնց նոյն կամ յաջորդ օրը արդէն դուրս գրուիլ հիւանդանոցէն:
Բժիշկը դեռեւս 2000 թուականէն իր կեանքի սկզբունքը դարձուցած է պարբերաբար Հայաստան այցելելով` անվճար վիրահատութիւններ կատարելն ու բուժօգնութիւն ցուցաբերելը, բայց արմատներն ու նախապատմութիւնը բաւականին խորն են` 1988թ-ի աղէտալի երկրաշարժի ժամանակ բժիշկը կ’աշխատէր Քուէյթի մէջ:
Ճանի Հատատի հետ ամիսներ առաջ իրականացուցած Հայերն այսօրի հարցազրոյցը կարելի է կարդալ այստեղ: