ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Եւ «Արմէնփրէս-ի Ջանքերով Ասթրախանի ՄԷջ Բացուած Է Լուսանկարչական Ցուցահանդէս
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/Աստրախան7.jpg)
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Արմէնփրէս» հայկական լրատուական գործակալութեան ջանքերով ՌԴ Ասթրախան քաղաքին մէջ Սեպտեմբեր 24-ին բացուած է «Հայաստա՛ն, յաւերժական իմ սէր» խորագիրը կրող լուսանկարներու ցուցահանդէսը` նուիրուած ՀՀ եւ ԼՂՀ անկախութեան 25-ամեայ յոբելեաններուն: Ցուցահանդէսը նպատակաուղղուած է տեղեկատուութիւն տրամադրելու անկախութեան տարիներուն ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան, տնտեսութեան, գիտութեան, մշակոյթի, ճարտարապետութեան, մարզանքի, զբօսաշրջութեան բնագաւառներուն մէջ ձեռքբերուﬓերուն մասին: ««Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութիւնը ﬔծ պատուով եւ պատասխանատուութեամբ մօտեցած է այս ցուցահանդէսներու կազմակերպման: Շնորհակալ ենք Սփիւռքի նախարարութեան ﬔր գործընկերներուն, որ կրցան իրականացնել այս յոյժ կարեւոր նախագիծը: Հայաստանի անկախութեան վերականգնումը եւ Արցախի ազատագրական պայքարը յիրաւի պատմական նշանակութիւն ունին ﬔր ժողովուրդին համար, եւ յոյժ կարեւոր է, որպէսզի թէ ﬔր հայրենակիցները Ռուսաստանի հայաշատ համայնքներուն մէջ, թէ ﬔր բարեկամ եւ դաշնակից Ռուսաստանի քաղաքացիները «Արմէնփրէս»-ի լուսանկարներուն ﬕջոցով ծանօթանան անկախ Հայաստանի եւ Արցախի տարեգրութեան, աւելի լաւ պատկերացնեն այն արժէքները, նուաճուﬓերը, որ ունի ժողովուրդը եւ տեսնեն այն փայլուն ապագան, որ կը սպասէ ﬔր բոլորին»,-«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` կը նշէ «Արմէնփրէս»-ի տնօրէն Արամ Անանեան:
Ցուցադրութիւնը պիտի ունենայ 6 թեմատիկ բաժին` «Անկախութիւնը` բարձրագոյն արժէք», «Դժուարին յաղթանակ», «Ազգային հերոսները», «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք», «Յոյսի Հայաստան», «Հաւատքի Հայաստան. ուխտագնացութիւն առաջին քրիստոնեայ երկիր»: Պիտի ներկայացուի շուրջ 100 լուսանկար: Ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի Վոլկոկրատի մէջ: