Նիւ Եորքի ՄԷջ Անկախութեան Տօնին Առիթով 25 Հայ Անուանի Նկարիչներու 25 Կտաւներու Ցուցահանդէս Բացուած Է

Սեպտեմբեր 21-ին Նիւ Եորքի մէջ աշխատանքային այցով գտնուող ԱԳ նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալպանտեան Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ ՀՀ Անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին, կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արքեպիսկոպոս Չօլոյեան ՀՀ Անկախութեան 25-րդ տարեդարձին առիթով աղօթք մատուցեցին:
Առաջնորդարանի սրահներուն մէջ այս կապակցութեամբ կազմակերպուած էր 25 հայ անուանի նկարիչներու 25 կտաւներու ցուցահանդէս: Անկախութեան տարեդարձի կապակցութեամբ հայ երաժիշտներու կատարմամբ հնչեցին Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի, Ալեքսանդր Յարութիւնեանի, այլ հայ անուանի երգահաններու ստեղծագործութիւններ: