Բիւր ողջոյն Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեակի առթիւ

Մեծ եւ անբացատրելի է իմ ուրախութիւնս: Այս տարի կը նշուի իմ սիրեցեալ հայրենիքիս` Հայաստանի Հանրապետութեան 25 ամեակը: Ամեակները, ընդհանրապէս, առիթ կ’ընծայեն վերստին մեր սէրը եւ ուխտը վերանորոգելու մեր աննման հայրենիքի հանդէպ:

Վերջին 12 տարիներու ընթացքին այցելած եմ Հայաստան 11 անգամ.. եւ միշտ լիցքաւորուած վերադարձած եմ, շարունակելու համար իմ ազգ.-մշակութային գոր ծունէութիւնը: Առանց հայրենիքի, վստահաբար, ինչ որ իրագործած եմ չէի կրնար կատարել:

Իմաստասէր գրողը ըսած է. ՚Առաքինութեան ամենամեծ սխրանքները կը կա- տարուին հայրենիքի հանդէպ ունեցած մեր սէրէնՙ: Հայրենասիրութիւնը խօսքով չեն ապացուցեր, այլեւ գործով: Մեր սիրելի հայրենիքը մեր բոլորին կարիքն ունի…հայրենիքի հանդէպ բոլորս պարտական ենք, ամէն մէկը իր ձեւով եւ կարողութեամբ:

Երախտապարտ եմ եւ շնորհակալ, բոլոր անոնց, ովքեր գործնապէս կ’աջակցին հայրենիքին..ովքեր կը սիրեն հայրենիքը, քանի որ մերն է եւ մենք առանց հայ րենիքի Սփիւռքի մէջ կը կորչինք…: Հայրենիքը մեզի պէտք ունի, շատերս գիտենք թէ շրջապատուած ենք թշնամիներով, հետեւաբար պէտք է լաւապէս գիտակցինք, որ մեր հայրենիքը աւելի եւս կը հզօրանայ բոլորիս նիւթաբարոյական աջակցութեամբ, խելամիտ եւ ծրագրաւորուած աշխատանքներով:

Օն առաջ հայեր, թող այս գեղեցիկ ամեակը մեզի վերազարթնումի նոր թափ տայ. մեզի ալ աւելի լիցքաւորէ, որպէսզի կատարենք այնպիսի գործեր, որ յաջորդող սերունդները պատուով յիշեն այս տարիները: Բոլորին կը շնորհաւորեմ..Կեցցէ ազատ, անկախ Մայր Հայրենիքը:

Բիւր յարգանք եւ պատիւ հայրենիք կերտողներուն եւ պաշտպանողներուն:

ՅՈՎՍԷՓ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Scroll Up