Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Հիւրընկալուեցան Գանատայի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչները

Սեպտեմբեր 19-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի անկախութեան 25 ամեակին առթիւ Հայաստան ուխտագնացութեան եկած 40 գանատահայերու` հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանի գլխաւորութեամբ:

Ողջունելով հիւրերը` Հրանոյշ Յակոբեան արժեւորեց Գանատայի հայոց թեմի հայրենանուէր նախաձեռնութիւնը` համայնքի ներկայացուցիչները, որոնցմէ շատերը առաջին անգամ  ոտք դրած են նախնիներու սուրբ հողին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25 ամեակին տօնակատարութեան օրերուն Հայրենիք ուխտագնացութեան բերելը: Նախարարի պաշտօնակատարը խօսեցաւ անկախութեան տարիներու դժուարութիւններու, Հայոց պետութեան ու բանակի կայացման, ձեռքբերումներուն մասին: Ան մասնաւորապէս նշեց «Սփիւռքը միշտ եղել է Հայրենիքի կողքին, օգնել յաղթահարել դժուարութիւնները, միասնական ուժերով կայացել ենք որպէս պետութիւն: Ուրախ եմ, որ հայ ժողովրդի համար կարեւորագոյն այս օրերին մեզ հետ էք: Այսօր շատ հրատապ  ազգային խնդիր ունենք լուծելու` տնտեսութեան զարգացումը: Միասին պէտք է լուծենք այդ խնդիրները»:

Գերաշնորհ Աբգար սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան,  մշտապէս համայնքի կողքին ըլլալու եւ աջակցելու համար:  Ան բարձր գնահատեց նախարարին վերաբերմունքը, նշեց, որ այն համակարգող դեր ունի, եւ աւելցուց. «Շատ շնորհակալ ենք, Ձեր խօսքը շատ քաջալերական էր` Հայաստան գալու, Հայրենիքի շէնացման մեր մասնակցութիւնը բերելու առումով: Երէկ` ուխտագնացութեան առաջին օրը, այցելած ենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, մասնակցած  Սուրբ պատարագին: Եւ այսօր այցելած ենք սփիւռքի նախարարութիւն` մեր տուն: Պիտի երթանք  նաեւ Ղարաբաղ, շրջինք Հայաստանի պատմամշակութային վայրերով,  պիտի այցելենք գիւղեր: Շնորհակալ ենք, որ ընդունեցիք մեզի` Հայաստանի կարօտը սրտին Հայրենիք այցելած հայորդիներուս»:

 Աւարտին Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան պատասխանեց գանատահայերը հետաքրքրող հարցերուն:

Scroll Up