Մեկնարկեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Եւ «Ակցիա Առողջութիւն Հայաստան-Ֆրանսա» Կազմակերպութեան Հետ Համատեղ Կազմակերպած Սրտաբանութեան Եւրոկովկասեան 4-րդ Համաժողովը

 ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Ակցիա Առողջութիւն Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ հոկտեմբեր 25-ին մեկնարկեց Սրտաբանութեան եւրոկովկասեան 4-րդ համաժողովը, որուն կը մասնակցին 50 սրտաբան աշխարհի տարբեր երկիրներէ, 180-ը` Հայաստանէն եւ Արցախէն:

Համաժողովի բացման կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Մարսէլի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժան Քլոտ Կոտէնը, ՀՀ առողջապահութեան փոխնախարար Վահան Պօղոսեանը, Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Տոմինիք Վլասթօն, Մարսէլի առաջին փոխքաղաքապետ Ռոլան Պլումը, Մարսէլի փոխքաղաքապետ Տիտիէ Փարաքեանը, Մարսէլի 13-րդ եւ 14-րդ թաղամասերու թաղապետ Կարօ Յովսէփեանը, «Ակցիա Առողջութիւն Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութեան նախագահ  Աւետիս Մատիկեանը, «Սրտաբաններու եւրոկովկասեան քոնկրէս» գիտական խորհուրդի նախագահ Փօլ Պառականը եւ այլ գործիչներ, մասնագէտներ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց Մարսէլի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժան Քլոտ Կոտէնի ներկայութիւնը համաժողովի բացման:

Հանդէս գալով բացման խօսքով` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց. «Ուրախ եմ ողջունել  Սրտաբանութեան եւրակովկասեան 4-րդ համաժողովի մասնակիցներին: Այսօր Հայաստանը դարձել է սրտաբանութեան փայլուն կենտրոն` շնորհիւ նաեւ  Փոլ Պառագանի: Վստահ եմ, որ գիտական ներուժի եւ գործնական հմտութիւնների համակարգմամբ, ինչպէս նաեւ արտասահմանեան եւ տեղի սրտաբանների արդիւնաւէտ համագործակցութեամբ այս համաժողովը կը դառնայ փորձի փոխանակման հրաշալի աղբիւր: Ուրախալի է, որ պարբերական են դարձել այս ձեւաչափով հանդիպումները: Համաժողովի նպատակն է համախմբել հայ սրտաբանների ներուժը, նպաստել Հայաստանի, Սփիւռքի, Արցախի սրտաբանների համագործակցութեանը»:

Համաժողովի մասնակիցներուն ողջունեց ՀՀ առողջապահութեան փոխնախարար Վահան Պօղոսեան` ընթերցելով նախարար Դերենիկ Դումանեանի խօսքը, ուր մասնաւորապէս նշուած էր. «Ինչպէս աշխարհի բոլոր երկրներում, այնպէս էլ Հայաստանում սրտանօթային հիւան­դութիւնները մահուան առաջին պատճառ են հանդիսանում: Հետեւաբար, շատ կարեւոր է մասնագէտների միջեւ փորձի փոխանակումը, ուրեմն նաեւ այսօրինակ համաժողովների կազմակերպումը»:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան սրտաբանութեան ոլորտին մէջ նորարարական հմտութիւններու փոխանակման հրաշալի հնարաւորութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ սրտաբանութեան ոլորտի զարգացման ուղղուած նախաձեռնողական աշխատանքներուն համար` «Ակցիա Առողջութիւն Հայաստան-Ֆրանսա կազմակերպութեան նախագահ Աւետիս Մատիկեան նշեց, որ պարբերական հանդիպումներու կազմակերպումը արդէն իսկ տուած է շօշափելի արդիւնքներ:

§Սրտաբաններու եւրոկովկասեան Քոնկրէս»-ի գիտական խորհուրդի նախագահ Փօլ Պառական նշեց, որ իրեն համար մեծ հաճոյք  է Հայաստան գտնուիլը եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանիի ներքոյ կազմակերպել սրտաբաններու 4-րդ համաժողովը:

Համաժողովի հանդիսաւոր բացման յաջորդեցին մասնագիտական զեկոյցներ:

Scroll Up