Վարշաւայի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Լիլիթ Մելիքեանի Հեղինակած Հայկական Գորգերու Եւ Զարդանախշերու Պատկերներով Զգեստներու Ցուցադրութիւնը

Սեպտեմբեր 14-ին ՀՀ Անկախութեան 25-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս Վարշաւայի Թագաւորական ամրոց-թանգարանի Արցախեան գորգերու ցուցասրահին մէջ տեղի  ունեցած է Լիլիթ Մելիքեանի հեղինակած հայկական գորգերու եւ զարդանախշերու պատկերներով զգեստներու ցուցադրութիւնը:  Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Վարշաւայի Թագաւորական ամրոց-թանգարանին կողմէ` Լիւպլինի Սնունդի եւրոպական փառատօնի տնօրինութեան աջակցութեամբ, կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:

Ցուցադրութեան ներկայ էին Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Էտկար Ղազարեան, Լեհաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու կանանց ընկերակցութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Խ.Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի Գեղարուեստական կրթութեան բաժանմունքի Ձեւաւորման  եւ զարդական-կիրառական արուեստի ամպիոնի վարիչ Անոյշ Եղիազարեան ձեռնարկի մասնակիցներուն ծանօթացուցած է հայկական գորգագործութեան աւանդոյթները, զարդանախշերու եւ գորգերու պատրաստման առանձնայատկութիւնները:

Վարշաւա բնակող հայ պարուհի Գայեանէ Գալեմտարեան եւ երգչուհի Սոնա Մաթեւոսեան իրենց կատարումներով ցուցադրութեան մասնակիցներուն ներկայացուցած են նաեւ հայկական ժողովրդական պարարուեստը ու երգարուեստը:

Scroll Up