Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութիւնը սպառնալիք Է ողջ աշխարհին համար. Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչութիւնը, Որ Կը Հովանաւորուի Կարգ Մը Երկիրներու Կողմէ, Սպառնալիք Է Ողջ Աշխարհին Համար Եւ Պէտք Է Անմիջապէս Դադրի»

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաստատեց, որ Սուրիոյ Թարթուս, Հոմս, Դամասկոս եւ Հասիչէ նահանգներուն մէջ այսօր տեղի ունեցած ահաբեկչական արիւնալի պայթիւնները շարունակութիւնն են այն ծրագրուած ահաբեկչական գործելաոճին, զոր կը կիրարկուին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ, ՄԱԿ-էն պահանջելով որդեգրել պատժական շտապ քայլեր այն երկիրներուն եւ վարչակարգերուն նկատմամբ, որոնք կը հրահրեն եւ կը ֆինանսաւորեն ահաբեկչութիւնը, յատկապէս Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան, Քաթարն ու Ֆրանսան։

Նախարարութիւնը ՄԱԿ-ին եւ Ապահովութեան Խորհուրդին ուղղած զոյգ նամակներուն մէջ հաստատեց, որ սուրիացիները պիտի շարունակեն կառչած մնալ իրենց հողին եւ պայքարիլ՝ վերացնելու ահաբեկչութիւնը իրենց երկրէն, աւելցնելով որ «Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութիւնը, որ կը հովանաւորուի կարգ մը երկիրներու կողմէ, սպառնալիք Է ողջ աշխարհին համար եւ պէտք է անմիջապէս դադրի»։

Scroll Up