«Ես «Արի Տան» Մէջ Անցուցած Բոլոր Օրերս Կը Համարեմ Ուխտագնացութիւն Դէպի Հայրենիք». Կալի Աւագեան
Աւարտեց «Արի տուն-2016»-ը. 8-րդ փուլի հրաժեշտի ձեռնարկի հանդիսաւոր արարողութեամբ ալ սփիւռքահայ պատանիներն ու աղջիկիները ,տպաւորուած Հայրենիքի գոյներով, մեկնեցան` իրենց հետ տանելով մեր արեւի ու հոգիի ջերմութիւնը, մեր եկեղեցիներու կոչնակներու զանգերու ղօղանջները, Հայրենիքի սառնորակ ջուրի ու քաղցրահամ միրգերու համը, նոր սորված հայրենասիրական երգերու ու պարերու ելեւէջները, իրենց մտապատկերին մէջ ունեցած հայ մարդու ամբողջական կերպարը, եւ ամենակարեւորը` Հայրենիք հասկացութեան ամբողջութենէն մեծ կտոր մը, արեւի պայծառ շող մը: Մեկնումէն առաջ «Հայերն այսօր»-ի համար անոնց հետ ունեցած հարցազրոյցս անխարդախ հայելին է սփիւռքահայ երեխաներու տպաւորութիւններուն, որոնք կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան:
Կալի Աւագեան, Իրաք, 17 տարեկան
-Մենք ընտանիքով տեղափոխուած ենք Հայաստան, որուն համար շատ ուրախ եմ: Ես երեք տարի առաջ` 2013-ին մասնակցած եմ այս գեղեցիկ ծրագիրին: Աւելի հետաքրքիր դարձած է ճամբարային առօրեան, անձնակազմին մէջ ընդգրկուած են հրաշալի մարդիկ. ես այստեղ կը զգամ ինչպէս հարազատ միջավայրի մէջ: Մէկ վայրկեան չես կրնար ձանձրանալ: Խորհուրդ կու տամ Սփիւռք ապրող իմ հասակակիցներուս մասնակցելու այս ծրագիրին, համոզուած եմ` չե՛ն զղջար: Երանի ճամբարային առօրեայի օրերը աւելի շատ ըլլան ,չեմ պատկերացներ, թէ ինչպէս պէտք է բաժնուինք իրարմէ. սա մեծ ընտանիք մըն է, ուր կը տիրեն սէրն ու խաղաղութիւնը, փոխըմբռնումը: Այսօր ոտքով գացինք Կեչառիսի վանք, աղօթեցինք, մոմեր վառեցինք. շատ մեծ խորհրդաւորութիւն կար այդ իւրօրինակ ուխտագնացութեան մէջ: Ես «Արի տան» մէջ անցուցած բոլո՛ր օրերս կը համարեմ ուխտագնացութիւն դէպի Հայրենիք:
Կարին Աւագեան, Իրաք, 19 տարեկան
-Մեծ ցանկութիւն մը ունիմ` աւելցնեն ծրագիրի մասնակցութեան օրերու թիւը. Կը կարծեմ` անով ամէն ինչ ըսի: Այս ծրագիրը մեզի կու տայ հայրենաճանաչողութիւն, ծանօթութիւն տարբեր երկիրներէ եկած մեր հայրենակիցներուն հետ: Բոլոր առումներով ծրագիրը հրաշալի մտածուած է: Այն երիտասարդներուն, պատանիներուն համար շփումներու յատուկ հարթակ է, որուն արդիւնքով կրնան ծնիլ հետաքրքիր գաղափարներ, ապագայի նորարարական ծրագիրներ, այսինքն` «Արի տուն»-ը միայն հայրենաճանաչողական ծրագիր չէ, այն նոր ու հետաքրքիր մտայղացումներու դարբնոց է: ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան այս ծրագիրը սրտամօտ ու հարազատ դարձած է մեզի համար: Դժուար է հրաժեշտ տալ հարազատ դարձած մարդոց` ընկերներուն, մանկավարժներուն, սպասարկող անձնակազմին եւ գեղատեսիլ Ծաղկաձորին:
Այս անկեղծ ու սրտաբուխ կարծիքները, անշուշտ, ամենաճիշդ, դիպուկ գնահատականն են «Արի տուն» կայացած ու սիրուած ծրագիրին: Բարի՛ երթ «Արի տուն-2017»-ի նախապատրաստական աշխատանքներուն: Կը շնորհաւորենք Հայաստանի եւ աշխարհի բոլոր ծայրերուն ապրող եւ ուսանող հայորդիներուն ուսումնական նոր տարուան առիթով, կը մաղթեմ նորանոր նուաճումներ` գիտելիքներու ձեռք բերման ճանապարհին:
Կարինէ Աւագեան