Սեպտեմբերին Քալիֆորնիոյ ՄԷջ Կը Բացուի «ԱՅԲ» Հայերէնի Ուսուցման Կեդրոնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/08/Այդ-դպրրոց.jpg)
Սեպտեմբեր 1-ին ԱՄՆ Քալիֆորնիոյ Վեն Նայս քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ «ԱՅԲ» հայերէնի ուսուցման կեդրոնի բացումը, ուր 3-15 տարեկան երեխաներուն պիտի ուսուցանուի հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն եւ հայկական մշակոյթ: Վեն Նայսը կը գտնուի Կլենտէյլ եւ Պրպընք քաղաքներէն ոչ հեռու, ուր մեծ թիւով հայեր կ’ապրին:
«Հայերէն լեզուի ուսուցման կեդրոն բանալու գաղափարը շատոնց հասունցած էր: Ամէն անգամ մեծ ցաւ կ’ապրինք, երբ կը հանդիպինք հայ մանուկներու, որոնք ոչ թէ միայն չեն խօսիր, այլեւ չեն սիրեր խօսիլ հայերէն: Սա լուրջ խնդիր է այստեղ` ԱՄՆ-ի մէջ: Ուրախութիւն մեզի ու շատերուն, որոնք կարեւոր կը նկատեն երեխայի հայերէնի իմացութիւնը, Սեպտեմբեր 1-ին Քալիֆորնիոյ Վեն Նայս քաղաքին մէջ կը բացուի փոքրիկ հայկական աշխարհ մը»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին նշեց Անահիտ Անդրէասեան, որ կը հանդիսանայ կեդրոնի նախաձեռնողներէն մէկը ու կ’աւելցնէ, որ յոյս ունին, որ «ԱՅԲ»-ը մօտ ապագային պիտի դառնայ մեծ, հայկական կրթօճախ մը:
Նախաձեռնողները` Մարինէ Ոսկանեան, Գագիկ, Յովհաննէս, Մարիաննա, Սիւզաննա Յարութիւնեանները եւ Անահիտ Անդրէասեան Հայաստանի մէջ ուսում ստացած մարդիկ են, որոնք կարեւոր կը համարեն օտար երկրի մէջ հայապահպանութեան կարեւոր գործօններէն մէկը` հայոց լեզուն:
Կեդրոնին մէջ դասաւանդումը կ’իրականացուի հայաստանեան դպրոցներու ծրագիրով ու դասագիրքերով: 3-6 տարեկաններուն հետ պիտի աշխատին Մարիաննա եւ Սիւզաննա Յարութիւնեանները, 7-15 տարեկաններուն հետ` Անահիտ Անդրէասեանը:
Խօսելով աշակերտներու թիւին մասին Անահիտ Անդրէասեան նշեց, որ այս պահուն յստակ հնարաւոր չէ նշել, թէ քանի աշակերտ կ’ունենայ կեդրոնը. «Ամիսներ անց առիթ կ’ունենանք զրուցելու, որուն ընթացքին կը կարենամ յստակ թիւեր նշել ու խօսիլ դպրոցի արձանագրած յաջողութիւններուն մասին: Իսկ այսօր, առիթէն օգտուելով, կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Հայերն այսօր»-ին արձագանքելուն եւ սատարելուն համար»,-իր խօսքը եզրափակեց Անահիտ Անդրէասեան: