ՀՀ Անկախութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Համերգ Վարշաւայի ՄԷջ

ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս Օգոստոս 23-ին Վարշաւայի Թագաւորական ամրոց-թանգարանի Արցախեան գորգերու ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միքայէլ Ոսկանեան եւ ընկերներ» էթնօ-ճազային համոյթի համերգը` նուիրուած Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման 26-րդ տարեդարձին: Ձեռնարկը կազմակերպած էր Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը` ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Ներկաներուն ուղղուած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Էտկար Ղազարեան նշեց, որ համերգի իրականացման վայրը խորհրդանշական իմաստ ունի. Թերեզա Սահակեանի` ցուցասրահը զարդարող արցախեան գործերու հաւաքածուն, հերթական անգամ կ’ապացուցէ, որ «Արցախը առաջին հերթին մարդիկ են, որոնք ապրում եւ արարում են իրենց հայրենի երկրում` ստեղծելով նաեւ համաշխարհային նշանակութեան մշակութային արժէքներ»:
Համերգին ներկայ էին ԼՀ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պետական այլ գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ, Վարշաւայի մէջ հաւատարմագրուած շարք մը երկիրներու դեսպաններ, դիւանագէտներ, լրագրողներ, հայ համայնքի անդամներ: