ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան 5-Ամեակի Առիթով, Շարք Մը Սփիւռքահայ Գործիչներ Արժանացան Խրախուսական Պարգեւներու

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան 5-ամեակի առիթով, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործին մէջ ունեցած աւանդի համար շարք մը սփիւռքահայ գործիչներ արժանացան  ՀՀ վարչապետի եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան խրախուսական պարգեւներու:

Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման աջակցելու համար ՀՀ վարչապետի շնորհակալագրերով պարգեւատրուեցան Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ Վազգէն Եակուբեան եւ «Յովարդ Քարակէօզեան» յիշատակի ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն դր. Վարդան Պանտազեան:

Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ բարեգործական եւ հասարակական գործունէութիւն ծաւալելու, հայապահպանութեան գործին մէջ առանձնայատուկ ծառայութիւններու, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի միջեւ գործուն կապերն ամրապնդելու համար «Փիւնիկ» մարդկային աղբիւրներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի հիմնադիր նախագահ, բարերար, գործարար Գաբրիէլ Ջամբարճին, Իտալիոյ Հանրապետութեան Միլան քաղաքի հայկական համայնքէն ներս ՀՀ սփիւռքի նախարարի խորհրդական Սարօ Խոդաւերդին, Իրաւաբանական մասնագիտութիւններու հայ-ֆրանսական ընկերակցութեան համանախագահ, ՀՀ փաստաբաններու պալատի պատուաւոր անդամ, գործարար, բարերար Ռայմոնտ Եզեգելեանը պարգեւատրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Պօղոս Նուբար» մետալով:

Սփիւռքի մէջ հայագիտութեան ոլորտէն ներս նշանակալի ներդրում ունենալու, Հայաստան-Սփիւռք հայագիտական գործակցութեան ամրապնդմանն ու զարգացմանը նպաստելու, ինչպէս նաեւ հայ մշակոյթի, գրականութեան եւ արուեստի դարաւոր աւանդոյթներու պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ աւանդ ունենալու համար Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Լիբանանի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեան (Լիբանան)  պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան «Յակոբ Մեղապարտ» համատեղ մետալով:

Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման ծառայութիւններ մատուցելու, սերունդներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին մէջ ունեցած նշանակալի ներդրման համար Իտալիոյ հայոց միութեան նախագահ Պայքար Սվազլեանը, ՀԲԸՄ-ի Եգիպտոսի շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Պերճ Թերզեան, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի նախագահ Լենա Հալաջեանը, Ազգային մարզական միութեան ատենապետ (Յորդանան) Ներսէս Ներսէսեանը պարգեւատրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով:

Scroll Up