Քեսապի՝ Ս. Միքայէլ վանքի քանդուած պատմական զանգակները վերանորոգուեցան ու վերադարձան Քեսապ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/08/քեսապ2-300x225.jpg)
Նարեկ Լուսինեան կը գրէ.
Աստուծոյ շնորհքով, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի օգնութեամբ եւ Միացեալ Նահանքներու Հայ Կաթողիկէ առաջնորդառանի նուիրատութեամբ, ահաբեկիչներու կողմէ Քեսապի՝ Ս. Միքայէլ վանքի քանդուած պատմական զանգակները վերանորոգուեցան Լիբանանի «Պէյդ Շապապ»ի մէջ ու վերադարձան Քեսապ:
Կիրակի՝ 21 Օգոստոս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, հայրապետական Ս. Պատարագ մատուցանեց Արհիապատիւ՝ Տէր Գէւորգ Եպս. Ասատուրեան, առաջնորդ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Թէմին:Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ վերանորոգ զոյգ զանգակներու օծումը եւ Երջանկայիշատակ՝ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին նոր թահլիճի բացումը: