Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Պետիկ Պետրոսեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/08/IMG_8779.jpg)
Օգոստոս 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Եւրոպայի Հայ դատի Միջին Արեւելքի պատասխանատու, «Արեւելքի քրիստոնեաներ» կոմիտէի փոխնախագահ Պետիկ Պետրոսեանը:
Հանդիպման Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց Հայ դատի իրականացուցած աշխատանքները Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Արցախի մէջ:
Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան Արեւելքի մէջ, մասնաւորապէս` Սուրիոյ եւ Իրաքի հայերու, քրիստոնեաներու իրավիճակին, Հայ դատի եւ «Արեւելքի քրիստոնեաներ» կոմիտէին կողմէ անոնց ցուցաբերուած աջակցութեան առնչուող հարցեր:
Պետիկ Պետրոսեան նախարարին հետ զրոյցին նշեց, որ 2014, 2015 թուականներուն այցելած է Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ապաստանած հայ եւ քրիստոնեայ գաղթականներու տուներ, ճամբարներ` իրավիճակին ծանօթանալու եւ անոնց իրական խնդիրները հանրութեան ներկայացնելու:
Հանդիպման ընթացքին մատնանշուեցան համատեղ ծրագիրներու մէջ համագործակցութեան, Սփիւռքի նախարարութեան դերակատարութեանը առնչուող հարցեր:
Հրանոյշ Յակոբեան եւ Պետիկ Պետրոսեան քննարկեցին նաեւ հայկական ինքնութեան, հայապահպանութեան, Սփիւռքի եւ Հայաստանի Հանրապետութան յարաբերութիւններու աշխուժացման եւ ամրապնդման հետ կապուած հարցեր:
Անդրադառնալով Եւրոպայի հայկական համայնքներուն` առաջարկուեցաւ համատեղ ծրագիրներու իրականացմամբ աշխուժացնել Սփիւռքի նախարարութեան եւ Եւրոպայի հայկական համայնքներու միջեւ կապերը:
Քննարկուեցաւ նաեւ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու իրավիճակին վերաբերող համաժողովի իրականացման հեռանկարները: