Հասիչէի Հայ Ընտանիքները Կը Փորձեն Դժուարութիւնները Յաղթահարել

Հասիչէի Գանձասարի աղբիւրը յայտնեց, թէ քաղաքը ապահովական եւ կենցաղային ծանր պայմաններու մէջ է։ Յատկապէս գիշերուայ ուշ ժամերուն բուռն բախումներ տեղի կ՚ունենան սուրիական բանակին ռւ Քրտական Բանուորական Կուսակցութեան զինուորական թեւին միջեւ։
Ցերեկը համեմատաբար աւելի հանդարտ է կացութիւնը։
Բնակչութիւնը կը դիմագրաւէ նաեւ կենցաղային դժուարութիւններ։ Չորս օրէ ի վեր ելեկտրականութիւնը չի միանար։ Քաղաքի պետական փուռը փակ է, որուն հետեւանքով հացի տագնապ կայ։ Ընդհանուր առմամբ քաղաք հասնող սննդամթերքի քանակը քիչ է։
Մեր աղբիւրը փոխանցեց, թէ Հասիչէի մէջ ներկայ դրութեամբ կ՚ապրին 64 հայ ընտանիքներ, որոնց մեծամասնութիւնը տարեցներէ բաղկացած է, երիտասարդութեան նկատառելի տոկոսը աշխատանքի եւ ուսման համար մեկնած է քաղաքէն։
Հայերը առ այժմ նիւթական կամ մարդկային կորուստներ չեն ունեցած։ Հայ համայնքը յարգալից յարաբերութիւններ կը փորձէ պահել բոլոր կողմերուն հետ եւ հարցերու մէջ չէ ներքաշուած։
Եկեղեցին փակ է, Գամիշլիի քահանայ հայրը յատուկ առիթներով կ՚այցելէ Հասիչէ եւ եկեղեցական արարողութիւններ կը կատարէ։
Հայ ընտանիքները առ այժմ քաղաքէն դուրս գալու մտադրութիւն չունին։ Անոնք կը փորձեն ապահով վայրերու մէջ մնալ ու յաղթահարել դժուարութիւնները՝ յուսալով, որ քաղաքի ապահովական վիճակը կը բարելաւուի։
Վերամուտին կը նախատեսուի նաեւ բանալ շրջանի հայկական վարժարանը։