Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Դասախօսութիւն Լոնտոնի ՄԷջ

Օգոստոս 19-ին, ժամը 19:00-ին, Լոնտոնի Հայկական տեղեկատուութեան եւ խորհուրդի կեդրոնին մէջ պիտի կայանայ դասախօսութիւն` Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան մերժման եւ ներկայիս հետեւանքներուն մասին խորագիրով:
«Հայերն այսօր»-ը` յղում կատարելով accc.org.uk կայք-էջին կը յայտնէ, որ դասախօսութիւնը պիտի իրականացնէ գիտութիւններու թեկնածու Լեւոն Չորպաճեան, որ ՀՀ-ի եւ Խորհրդային Միութեան մէջ երկու անգամ Ֆուլպրայթ աւագ դասախօսի կոչման արժանացած է: Անոր հետազօտութիւններու հիմնական կեդրոնին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնն է, քաղաքական ընկերաբանութեան եւ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը: Լեւոն Չորպաճեան նաեւ կը համարուի «Կովկասեան հանգոյցը», «Հայաստանը ճգնաժամի տարիներուն» եւ շարք մը այլ գիրքերու հեղինակը, թարգմանիչն ու խմբագիրը: Այս ամէնուն հետ մէկտեղ, Լեւոն Չորպաճեան Միացեալ Նահանգներու Զօրեան ժամանակակից հետազօտութիւններու համալսարանի տնօրէնն է, որ կը համարուի Հիւսիսային Ամերիկայի յառաջատար մասնաւոր վերլուծական կեդրոնը: Ան նաեւ կը շարունակէ ծառայել Հայ գրախօսութեան խմբագրական խորհուրդին: