Սրբոց Աւետարանչաց Տօնը Մառնէուլի Հայ Համայնքէն Ներս

Սուրբ Աւետարանիչներու` Մատթէոսի, Մարկոսի, Յովհաննէսի եւ Ղուկասի տօնի օրը Թիֆլիսի մէջ Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ հաւատացեալները` առաջնորդութեամբ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի, եղան Մառնէուլիի շրջանի Շահումեան գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի կ’ունենան վերանորոգչական աշխատանքներ: Եկեղեցւոյ մէջ, հաւատացեալներու մասնակցութեամբ, կատարուեցաւ գոհաբանական աղօթք, ապա հաւատացեալները իրենց աղօթքը բարձրացուցին` եկեղեցւոյ շուտափոյթ վերանորոգութեան ակնկալիքով:

Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւան

Scroll Up