«Դուրսը Ապրող Ամէն Հայ Պէտք Է Օտարներուն Պատմէ, Որ Կայ Չքնաղ Հայաստան Աշխարհ Մը.Էլիօ Շմաւոնեան

Մեկնարկեց «Արի տուն-2016»-ի 8-րդ` եզրափակիչ փուլը, որուն հանդիսաւոր բացումն ու փակումը առաւել յուզիչ ու տպաւորիչ էին. այն կարծես նաեւ  փոքրիկ հաշուետուութիւն ու ամփոփում մըն էր  բոլոր փուլերուն:  ՀՀ սփիւռքի նախարարի  ջերմ ու ոգեւորող  ողջոյնի խօսքերով սկիզբ առած  արարողութեան   մասնակիցներու` տարբեր երկիրներէ եկած սփիւռքահայ   քանի մը պատանիներու հետ «Հայերն այսօր»-ի համար ունեցած զրոյցիս ընթացքին  զիս ուրախացուց  այն փաստը, որ թէեւ կոտրտուած, թէեւ կիսատ-պռատ ու աղքատիկ բառապաշարով, այնուամենայնիւ, անոնք կը ձգտէին զրուցել, պատմել իրենց մասին մայրենի լեզուով:

Յարութ Արթինեան, Հոլանտա, 18 տարեկան

արի տուն

-Ծնած եմ Սուրիա, 17 տարի  մեր ընտանիքը ապրած է  դուրսը: «Արի տուն» ծրագիրին կը մասնակցիմ եղբօրս` Աւօ Արթինեանի հետ: Ծրագիրին մասին լսած ենք մեր մօրաքրոջ աղջիկէն: Ես արդէն մէկ տարի է, որ կ’ուսանիմ Ամերիկեան համալսարանին մէջ: Կրցած եմ յարմարիլ նոր միջավայրին,  նոր ընկերներ ձեռք բերել եւ ստանալ բարձր գիտելիքներ: Ծրագիրին մասին լսած ենք նաեւ հեռուստատեսութեամբ, նախկին մասնակիցներէն. այն միշտ հետաքրքրած է զիս ու եղբօրս:  Շատ ուրախ ենք, որ  այս օրերուն ընթացքին պէտք է  մասնակցինք նաեւ հայոց լեզուի դասընթացներու, աւելի լաւ սորվինք հայերէն: Ես, ուսանելով  Երեւանի մէջ, այս ընթացքին կրցած եմ հարստացնել իմ բառապաշարս. այդ հարցով շատ կարեւոր են շփումները:  Ճիշդ է, մեր ընտանիքը հայախօս է, սակայն ընկերներու միջավայրին մէջ մենք  միշտ խօսած ենք օտար լեզուով: Շատ կը սիրեմ Հայաստանն ու հայոց լեզուն: Ապրելով այստեղ` ես աւելի թանկ կը գնահատեմ  տարիներ շարունակ հեռուէն սիրած մեր Հայրենիքը:

Աւօ Արթինեան, 16 տարեկան

արի տուն1

-Ես  կ’երազէի մասնակցիլ այս ծրագիրին, ըլլալ Հայաստանի տեսարժան վայրերուն մէջ, նոր ընկերներ ձեռք բերել, հայոց լեզուի դասերու մասնակցիլ, հայրենասիրական երգեր ու պարեր սորվիլ: Ես կ’ուզեմ ճարտարագէտ դառնալ, սակայն դեռեւս չեմ որոշած, թէ ուր պէտք է շարունակեմ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ. դեռ ժամանակ ունիմ մտածելու եւ որոշում կայացնելու: Թէ ուր կ’ուսանիմ  եւ ուր կ’աշխատիմ, ինծի համար ատիկա այնքան ալ կարեւոր չէ. կարեւորն այն է, որ յետագային կարենամ իմ փոքրիկ ներդրումս ունենալ Հայրենիքին:

Էլիօ  Շմաւոնեան, Լեհաստան,  Վարշաւա,15 տարեկան

արի տուն2

-Ծնած եմ Լեհաստանի մէջ: Մեր ընտանիքէն ներս բոլորը կը խօսին հայերէն. ի հարկէ, ատոր մէջ  շատ կարեւոր են տատիկիս, պապիկիս, ծնողներուս  ներդրումներն ու ջանքերը, որպէսզի  ես եւ  9-ամեայ քոյրիկս չմոռնանք մեր մայրենի լեզուն: Միջավայրին վրայ  յոյս դնել չի կարելի, քանի որ Վարշաւայի մէջ իմ լեհ եւ հայ ընկերներս կը խօսին լեհերէն:  Հայ ժողովուրդի պատմութեան  հերոսական ու ողբերգական բոլոր  դէպքերուն մասին մեզի պատմած են տատիկս ու պապիկս. Ես գիտեմ Հայոց ցեղասպանութեան դաժան պատմութիւնը, այս տարի լսեցինք  Ապրիլին Ղարաբաղի մէջ ազերիներու կողմէ ծաւալած պատերազմական գործողութիւններուն եւ մեր  քաջ զինուորներու հերոսութեան մասին:  Լեհաստանի մէջ իմ լեհ ընկերներս ոչ միայն չեն գիտեր Հայոց ցեղասպանութեան մասին, այլեւ, դժբախտաբար, չեն գիտեր  անգամ, թէ ովքեր են հայերը: Ե՛ս կը պատմեմ հայերուն մասին:  Դուրսը ապրող ամէն մէկ հայ պէտք է օտարներուն պատմէ, որ կայ  չքնաղ Հայաստան աշխարհ մը:

Լսելով օտար  հողի վրայ  ապրող այս հայորդիներուն ` հաստատապէս կը համոզուիս, որ Հայաստանի ապագան ամուր ձեռքերու մէջ է, որ  յաղթական կամուրջի վաղուան շինարարները այսօրուան խոստումնալից երիտասարդներն են:

Կարինէ Աւագեան

Scroll Up