Աւստրալահայ Գործիչ Ստեփան Քրքեաշարեան Այցելեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/08/Ստեփան-Գրգեաշարյան.jpg)
Օգոստոս 11-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ թեմական խորհուրդի փոխնախագահ, Խտրականութեան դէմ խորհուրդի նախագահ, «Քրքեաշարեան եւ Գայիգեան» հիմնադրամի հիմնադիր Ստեփան Քրքեաշարեանը: Տէր եւ տիկին Քրքեաշարեանները իրենց օգնութիւնը բերած են Արցախին:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան արժեւորեց ազգային գործիչ Ս. Քրքեաշարեանի հայապահպանութեան ուղղուած աշխոյժ գործունէութիւնը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Շնորհակալ եմ, որ մեծ աշխատանք էք կատարում Աւստրալիայի եւ Նոր Զելանտիայի Հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Հայկազուն արքեպիսկոպոս Նաջարեանի հետ միասին` համայնքը միաւորելու, պահպանելու ուղղութեամբ»:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի քառօրեայ պատերազմին եւ վերջին իրադարձութիւններուն հետ կապուած սփիւռքեան արձագանքներուն: Նախարարը երախտագիտութեամբ նշեց քառօրեայ պատերազմի օրերուն եւ յետոյ Սփիւռքի ցուցաբերած համակողմանի օգնութեան մասին. «Սփիւռքը ապրիլեան ծանր օրերին շատ սատարեց Արցախին եւ այսօր էլ այդ օգնութիւնը շարունակւում է: Շնորհակալ ենք», աւելցուց ան:
Ս. Քրքեաշարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ ներկայացուց Հայաստանի հզօրացման, տնտեսութեան զարգացման նպաստող ծրագիրներու իրականացման իր տեսլականը:
Քննարկուեցան համայնքային, կազմակերպական եւ յետագայ համագործակցութեան հարցեր: