Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Հայկական Առեւտրային Ցանցի Գործադիր Խորհուրդի Նախագահ Պարոն Ալէք Պաղտասարեանը

2016թ. Օգոստոս 9-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայկական Առեւտրային ցանցի գործադիր խորհուրդի նախագահ Ալէք Պաղտասարեանը:

 Ողջունելով հիւրը` նախարարը կարեւոր համարեց Ալէք Պաղտասարեանի հայանպաստ գործունէութիւնը, բարձր գնահատեց վերջին տարիներուն անոր իրականացուցած աշխատանքները, ուր անդրադարձ եղաւ նաեւ Շուշիի մէջ Օգոստոս 1-5 ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Ալէք Պաղտասարեանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած Ասմունքի համահայկական 5-րդ փառատօնին:

 Ալէք Պաղտասարեան շնորհակալութիւն յայտենց եւ իր գոհունակութիւնը նախարարին եւ նախարարութեան ձեռնարկին կազմակերպման աջակցելու համար: Երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ յաջորդ տարուան փառատօնը նոյնպէս համատեղ ուժերով կազմակերպելը:

 Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ 2017թ. ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայկական առեւտրային ցանցին կողմէ համատեղ իրականացուելիք Առեւտրային պալատներու համահայկական 5-րդ գլխաւոր Ասամպլէայի նիստը եւ ժողովը Հայաստանի մէջ կազմակերպելու հետ կապուած հարցեր: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ արդէն իսկ սկսիլ եւ աշխուժացնել գալիք տարուան այս կարեւոր ձեռնարկին  նախապատրաստական աշխատանքները:

 

Scroll Up