«Ով սպաննեց հայերը» ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը Աղեքսանդրիոյ մէջ

Աղեքսանդրիոյ արուեստանոցին մէջ տեղի ունեցաւ անդրանիկ ցուցադրութիւնը «Ով սպաննեց հայերը» ֆիլմին, ֆիլմի հեղինակներ լրագրող Մարիամ Զաքիի եւ բեմադրիչ Մուսհամէտ Հանաֆիի եւ հոծ բազմութեան ներկայութեամբ:
Ըստ «Հայերն այսօրի»՝ ֆիլմը կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը որ կատարուած է թուրքերու կողմէ, ֆիլմը արժանացած է բազում մրցանակներու` Նիւ Եորքի ֆիլմի փառատօնին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի փառատօնին: ֆիլմի բեմադրիչ` Հանաֆին եւ լրագրող Զաքին վերջերս պարգեւատրուած են Հայաստանի նախագահին կողմէ:
Զաքին ֆիլմին մասին ըսած է, որ մարդկութեան հանդէպ պարտաւորուածութիւն զգալով մասնակցած է բեմադրիչ Հանաֆիին ֆիլմի արտադրութեան աշխատանքին, աւելցնելով, որ ֆիլմին մէջ մարմնաւորուած խնդրիը այսօր կը կրկնուի մեր աչքերուն առջեւ արաբական երկիրներուն մէջ:
Ֆիլմի բեմադրիչը նշած է, որ ֆիլմը մեծ յաջողութիւն ունեցած է միջազգային մակարդակով, ան աւելցուցած է, որ աւելի այլանդակ բաներ տեղի ունեցած են, բայց չէին կրնար ներառել ֆիլմին մէջ անհաւատալի պիտի թուէր անկախ անկէ որ պատահած է: