Արամ Մա­նուկ­եան Ժո­ղովր­դա­յին Տու­նը` Հալէպահայութեան Ամրոց

Հա­լէ­պի վիլ­լա­ներ թա­ղա­մա­սին մէջ 1980-ական թուա­կան­նե­րուն հիմն­ուած ու 1988-ին հա­լէ­պա­հա­յութ­եան լու­մա­նե­րով բարձ­րա­ցած հզօր ապա­ռա­ժը դրոշմ­ուած է ՀՀ կեր­տիչ Արամ Մա­նուկ­եա­նի անու­նով: Շէն­քը, իր ծննդ­եան օրէն մին­չեւ օրս, շնոր­հիւ իր զա­ւակ­նե­րու անն­կուն կամ­քին ու նուի­րու­մին, կըր­ցած է յաղ­թա­հա­րել բո­լոր դժուա­րու­թիւն­ներն ու դառ­նալ անու­նին վա­յել ժո­ղովր­դա­յին տուն` ծա­ռա­յե­լով իր վսեմ նպա­տա­կին:

Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մին Հա­լէպ կրեց մե­ծա­գոյն վնաս­ներ: Երբեմնի ճոխ ու ապա­հով քա­ղա­քը դար­ձաւ թա­տե­րա­բե­մը վա­տա­գոյն բար­բա­րո­սու­թիւն­նե­րուն ու հր­թի­ռա­կո­ծութ­եանց: Գա­ղու­թի կեն­սու­նա­կութ­եան պահ­պան­ման նպա­տա­կով, ԱՄԺ Տու­նը 2012-էն սկս­եալ հիւ­րըն­կա­լեց թէժ գօտիի մէջ յայտն­ուած ու իրենց կեդ­րոն­նե­րէն զրկ­ուած հայ­կա­կան միու­թիւն­ներն ու Ազգ. Պատս­պա­րա­նի սա­նե­րը: Ան դար­ձաւ հայ պա­տանի­ին ու երի­տա­սար­դին ազ­գա­յին ներշն­չա­րա­նը: Դար­ձաւ հայ­կա­կան օճախ ու ապա­ւէն` յա­նուն հա­լէ­պա­հա­յու­թեան գո­յա­տեւ­ման:

ԱՄԺՏ ամ­րո­ցին մաս կը կազ­մեն` «Սպի­տակ» ճա­շա­րան- երի­տա­սար­դա­կան հա­ւա­քա­վայ­րը: Շէն­քի խնա­մա­կա­լու­թեան հաս­տա­տու­մով, այս շր­ջա­նին ճա­շա­րա­նին հիմ­նա­կան նպա­տա­կը, ոչ թէ հա­սոյ­թի ապա­հո­վումն է, այլ` գա­ղու­թի պահ­պա­նումն ու երի­տա­սար­դու­թեան հա­մախմ­բու­մը. «Լ. Շանթ» մշա­կու­թա­յին սրա­հը, մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն ըլ­լա­լով հան­դերձ,  2012 – 2015 թուա­կան­նե­րուն, իր եր­դիր­քին տակ գր­կա­բաց ըն­դու­նեց Ազգ. Պատըս­պա­րա­նի սա­նե­րը եւ դար­ձաւ փոք­րիկ­նե­րը խնա­մող տա­քուկ բոյն:  Այստեղ սկ­սան գու­մար­ուիլ նա­եւ Հա­մազ­գա­յի­նի «Ն. Աղ­բալ­եան» Մաս­նա­ճիւ­ղի Վար­չու­թեան ու յանձ­նա­խում­բե­րու ժո­ղով­ներն ու  տե­ղի ու­նե­ցան «Զուարթ­նոց» երգ­չա­խում­բին փոր­ձե­րը: «Այ­գես­տան Դա­լար» ամառ­նա­յին ըն­տա­նե­կան մտեր­միկ հան­դիպ­ման վայ­րը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն դադ­րած է գոր­ծե­լէ, իսկ «Անի» ճա­շաս­րա­հը հայ­կա­կան խրախ­ճանք­նե­րու մի­ջա­վայր ըլ­լա­լու կող­քին, մերթ ընդ մերթ, կը հիւ­րըն­կա­լէ Հա­մազ­գա­յի­նի Թա­տե­րա­կան Մի­ա­ւո­րի ան­դամ­նե­րը, ուր անոնք կը կա­տա­րեն իրենց թա­տե­րա­կան մար­զում­նե­րը: ՍԵ­Մ-ի եւ Պ Միու­թեան ակումբ-կեդ­րոն­նե­րէն ներս կը շա­րու­նակ­ուին նո­րա­հաս սե­րուն­դի ազ­գա­յին դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը: Մարմ­նա­մար­զի սրա­հէն ներս տե­ղի կ՛ու­նե­նան Հա­մազ­գա­յի­նի «Սար­դա­րա­պատ» եւ «Շու­շի»պա­րա­խում­բե­րու փոր­ձե­րը: «Քրիս­տա­փոր» գրա­դա­րա­նը իր ճոխ եւ հա­րուստ գիր­քե­րով կը շա­րու­նա­կէ խրա­խու­սել ըն­թեր­ցա­նու­թիւնը ու «Ռատիօ Երազ»ը, իր նոր կեդ­րո­նա­տեղի­էն կը սփ­ռէ հա­լէ­պա­հա­յութ­եան ձայ­նը ամէ­նուր. յա­րա­կից ժո­ղո­վա­սեն­եակ­նե­րը տրա­մադր­ուած են Հա­մազ­գա­յի­նի Սուր­իոյ Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան, ՍԵՄ-ին, Սուր­իոյ ՊՄ-ին, ՍՕԽ-ին, ՀՄԸՄ-ին, որոնք կը գոր­ծեն եւս որ­պէս դա­սա­րան­ներ Հա­մազ­գա­յի­նի «Բ. Կա­նաչ­եան» երժշտ. Դպ­րո­ցի աշա­կեր­տու­թեան հա­մար: Ման­կա­կան խա­ղա­վայ­րը կը շա­րու­նա­կէ հայ մա­նուկ­նե­րուն ներ­կա­յա­նալ որ­պէս հե­տաքրք­րա­կան աշ­խարհ, զանոնք գէթ քա­նի մը ժամ հե­ռու պա­հե­լու պա­տե­րազ­մի թոհ ու բո­հէն: Կը գոր­ծէ շէն­քի հա­մա­կարգ­չա­յին կեդ­րո­նը, «Մեղ­րի» հայ­կա­կան անու­շե­ղէն­նե­րու վա­ճա­ռա­տու­նը եւ «Նոր Սպի­տակ» միու­թե­նա­կան եւ ըն­տա­նե­կան հա­ւա­քա­վայ­րը:

Շէն­քի նոր բնա­կիչ­նե­րուն մաս կը կազ­մեն նա­եւ ՍՕԽ-ի Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը, «Գանձասար» շաբաթաթերթի աշխատակազմը եւ Հա­յա­գի­տա­կան Հիմ­նար­կի ըն­տա­նի­քը:  Օրա­կան չորս ժամ­ուայ տե­ւո­ղու­թեամբ, շէն­քի ակում­բին սեն­եակ­նե­րը կը վե­րած­ուին հայ գրա­կա­նու­թեան, հա­յե­րէն լեզ­ուի, հա­յոց պատ­մու­թեան, լրագ­րու­թեան, մա­տե­նագ­րու­թեան եւ հա­յա­գի­տա­կան այլ նիւ­թե­րու դա­սա­ւանդ­ման լսա­րան­նե­րու:

Զրու­ցե­լով շէն­քի խնա­մա­կա­լութ­եան հետ իմա­ցանք, թէ շէն­քի կա­ռա­վար­ման գոր­ծը կ՛ըն­թա­նայ հա­մերաշխ մթնոլորտի մէջ: Բո­լոր հիւ­րըն­կալ­նե­րը բարձր գի­տակ­ցութ­եամբ կը տա­նին իրենց վս­տահ­ուած աշ­խա­տան­քը: Հիմ­նա­կան դըժ­ուա­րու­թիւնը սղաճն ու վա­ռե­լա­նիւ­թի ապա­հո­վումն է, պա­տե­րազ­մի այս պայ­ման­նե­րուն մէջ, շէն­քին ելեկտ­րա­կա­նու­թիւն եւ ջուր հայ­թայ­թե­լու եւ միու­թիւն­նե­րուն հե­զա­սահ աշ­խա­տան­քին նպաս­տե­լու հա­մար: Անց­եա­լին շէն­քը եկա­մտաբեր աղ­բիւր էր, այ­սօր` գա­ղու­թի պահ­պան­ման ծա­ռա­յող հաս­տա­տու­թիւն: «Եթէ շէն­քը փա­կէ իր դռ­նե­րը, հա­յու­թիւնը կը տարտղն­ուի», կը հաս­տա­տեն խնա­մա­կալ­նե­րը:

Արամ Մա­նուկ­եան Ժո­ղովր­դա­յին Տու­նը  տագ­նա­պի օրե­րուն դար­ձաւ հա­լէ­պա­հա­յու­թեան լու­սա­տու փա­րո­սը, դար­ձաւ ժո­ղովր­դա­յին իս­կա­կան տուն, ամ­րոց` ապա­հով իր եր­դի­քին տակ երաշ­խա­ւո­րե­լու պա­տե­րազ­մի ճի­րան­նե­րուն մէջ տուայ­տող հա­լէ­պա­հա­յու­թեան գո­յեր­թը:

Պէթի Քիլէրճեան

Գանձասար

Scroll Up