ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Նախաձեռնութեամբ Տեղի Ունեցաւ Բանաստեղծուհի Անոյշ Նագգաշեանի Գիրքի Շնորհանդէսը

Հոկտեմբեր 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Խնկօ-Ապոր գրադարանին մէջ կայացաւ  բանաստեղծուհի Անոյշ Նագգաշեանի §Ես հայ եմ» մանկական բանաստեղծութիւններու գիրքի շնորհանդէսը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ, գրականագէտ, բ.գ.թ. Սերժ Սրապիոնեան: Գնահատելով Ա.Նագգաշեանի բանաստեղծութիւնը` պարոն Սրապիոնեան նշեց. §Մանկական բանաստեղծութիւններու այս փոքրիկ ժողովածուով Անոյշը բերում է թարմ միտք: ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, բարձր գնահատելով Անոյշի բանաստեղծութիւնները, արդէն իսկ յանձնարարել է թարգմանել դրանք նաեւ արեւելահայերէն` այսպիսով գիրքը հասանելի դարձնելով նաեւ հայութեան միւս արեւելահայ հատուածի համար»:

Նախարարի տեղակալը աւելցուց, որ §Ես հայ եմ» խորագիրը կրող ժողովածուի մանկական բանաստեղծութիւններով Անոյշ Նագգաշեան Սփիւռքի մէջ ապրող հայ մանուկներուն կը ծանօթացնէ Հայրենիքին հետ:

ԵՊՀ հայ գրականութեան ամպիոնի վարիչ, բ.գ.դ., փրոֆէսոր Սամուէլ Մուրատեան առանձնացուց հեղինակի` մանուկներու լեզուով խօսելու բացառիկ շնորհը:

Ըլլալով մանկական բանաստեղծութիւններու բազմաթիւ ժողովածուներու հեղինակ` Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահի պաշտօնակատար Էդուարդ Միլիտօնեան նշեց, որ հայ մանկագրութիւնը այսօր լաւ գրողներու կարիք ունի, Անոյշ Նագգաշեան կու գայ լրացնելու այդ բացը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` հիմնադրման առաջին իսկ օրերէն իր կողքին գտնուելու եւ աջակցելու համար` Անոյշ Նագգաշեան ձեռնարկին աւարտին հանդէս եկաւ իր ստեղծագործութիւններու ասմունքով:

Scroll Up