Հայերէնի Իւրաքանչիւր Հնչիւն Իր Փիլիսոփայութիւնը Ունի. «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց-2016

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի «Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցում» դասընթացքին կը մասնակցին տարբեր երկիրներէ եկած հայ երիտասարդներ, որոնց նպատակը մէկն է` տիրապետել մայրենիին որքան հնարաւոր է լաւ: Անոնցմէ ոմանք նոր  սկսած են հայերէն սորվիլ, ոմանք ալ իմացածը աւելի կատարելագործելու եւ զարգացնելու ցանկութիւն ունին: Մէկամսեայ դասընթացքը անոնց համար գիտելիքներու շտեմարան է, հայեցի մթնոլորտ ու նախ եւ առաջ` հայրենիքին կապող եւս մէկ թել, յիշողութիւններու ու հայ ըլլալու զգացողութեան ազդակ, որ անոնց  կեանքին մէջ դեռ երկար կը զարնէ` անընդհատ յիշեցնելով իրենց ինքնութեան եւ մայրենիին մասին:

Դասընթացքին կը մասնակցին նաեւ Քիեւէն եկած  խումբ մը հայուհիներ: Անոնց մայրենիի ուսուցչուհի` Ռուզաննա Մարտիրոսեանի հայեցի գործունէութեան արդէն իսկ անդրադարձած ենք: Տիկին Ռուզաննան այնքան նուիրումով եւ հոգատարութեամբ կը պատմէր իր ուսանողներուն մասին, որ ցանկութիւն յառաջացաւ անոնց եւս հանդիպելու եւ զրուցելու: Հայուհիներ Կարինէի, Մարինայի, Միլանայի, Միլէնայի, Իլոնայի, Լիանայի եւ Պելլայի հետ զրոյցը բաւականին անմիջական եւ ընկերական ստացուեցաւ: Ահա թէ «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցին ինչ կը պատմեն հայուհիները հայերէն սորվելու ցանկութեան, Արցախ այցելութեան եւ ինքնութեան կարեւորութեան մասին:

Հայերէն սորվիլը` օրուան հրամայական

-Աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք: Մենք սկսած ենք հայերէն սորվիլ բաւականին հասուն տարիքի մէջ, երբ մեզմէ ոմանք արդէն կրթութիւն, մասնագիտութիւն եւ աշխատանք ունէին: Սակայն մայրենին սորվելու ցանկութիւնը տարիներու խոհեմութեան հետ քիչ-քիչ վերածուեցաւ անհրաժեշտութեան: Ատիկա միայն ցանկութիւն չէր կամ քմահաճութիւն` սորվիլ եւս մէկ լեզու, ո՛չ, ատիկա մեր ներքին դրդումն էր, մեր ներաշխարհի ձայնը, որ մեզի հասցուց այս գիտակցութեան: Մեզմէ ոմանց միայն մէկ ծնողը  հայ է: Կը hասկնաք` երբ մայրը հայ է, ան մայրական բնազդով իր երեխաներուն կը սորվեցնէ իր լեզուն` մայրենին, իսկ երբ հակառակն է, շատ յաճախ հայերէնը կը մոռցուի, չի գործածուիր, իսկ հիմնական ու տարածուած հաղորդակցման լեզուն կը թելադրէ իր կանոնները: Մենք ալ օր մը ծնող պիտի դառնանք, երեխաներ ունենանք եւ պիտի չի կարենանք անոնց հայերէն սորվեցնել: Իսկ լեզուի նահանջը ինքնութենէն հեռանալու առաջին ազդակն է: Ահա այսպէս` հայերէն սորվելու մեր ներքին ցանկութիւնը, պահանջը իրականանալու, դրսեւորուելու յարմար պահը գտաւ: Այստեղ մեծ դեր կը խաղայ նաեւ հնարաւորութեան առկայութիւնը: Եթէ չըլլային Ռուզաննա Մարտիրոսեանի` մեր ուսուցչուհիի կազմակերպած դասընթացները, մենք երեւի չկարենայինք անգամ այսքան մեծ պատրաստակամութեան պարագային հայերէն սորվիլ: Ան իսկական ուսուցիչ է, հայ, անոր մէջ ամէն բան  հայկական է: Մենք դեռ այդպիսի մէկուն չենք ճանչնար, որ հայրենիքը ամէն բջիջով, հոգիի իւրաքանչիւր թրթիռով զգայ: Անոր շնորհիւ մենք այստեղ ենք այսօր, անոր շնորհիւ մենք կը սորվինք հայերէն, կը զգանք հայերէնը: Տիկին Ռուզաննայի դասընթացները միայն լեզուի դասեր չեն մեզի համար, ատոնք հայրենասիրութեան, հայեցիութեան դասեր են ամէնէն առաջ: Մենք երբեք չենք մոռնար հայերէն սորվելու առաջին օրը, երբ ընկեր Մարտիրոսեան կը նուագէր, իսկ մենք Հայաստանի օրհներգը կ’երգէինք: Մեզմէ իւրաքանչիւրը երազանք ունի` հայերէն մտածել, տիրապետել լեզուի ամբողջ գանձարանին, հարստութեան: Հայերէնը բարդ լեզու է, սակայն իւրաքանչիւր հնչիւն իր փիլիսոփայութիւնը ունի, իր իւրայատկութիւնը, տառերուն մէջ պատգամ կայ, բառերուն մէջ` ոգեղէնութիւն: Ու երթալով մենք կը մտնենք այս ամէնուն մէջ: Սակայն լեզուն միայն տառ ու բառ չէ, այն նախ եւ առաջ մտածողութիւն է, տեսակի տրամաբանութիւն, կենսակերպ ու մշակոյթ: Մենք կը սորվինք հայերէն եւ երթալով աւելի կը զգանք մեր մշակոյթը: Շատերը հարցուցած են մեզի` ինչու՞ ձեր մայրենին չէք գիտեր, եթէ հայ էք, ինչու՞ հայերէն չէք խօսիր: Յոգնեցուցիչ հարց է, երբեմն, չենք վախնար ըսելու` ամօթալի: Այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ ռուսերէն լաւ գիտենք, անգլերէն սորված ենք, սակայն մեր լեզուն` հայերէնը, չենք գիտեր: Սա արդարացում չունի, ու թող ոչ մէկը չփորձէ հակառակը ապացուցել: Ատիկա մենք մեր փորձէն կ’ըսենք: Սակայն միայն պարտաւորուածութիւնը մեզի չէ հասցուցած մայրենին սորվելու որոշման: Եթէ այդպէս ըլլար, մենք մէկ շաբաթ, մէկ ամիս յետոյ կը ձգէինք ուսուցումն ու մեր առօրեայ ծանրաբեռնուած կեանքին կը վերադառնայինք: Ո՛չ, մեզի բաւարարուածութիւն կու տայ հայերէն սորվիլը, հպարտութիւնը կը ներարկէ, ինքնավստահութիւն: Արդէն մէկ տարի է` մենք օր-օրի աւելի կը մօտենանք-մերձենանք Հայաստանին: Ամէն օր մեզի աւելի կը համակէ մեր հայրենիքը ճանչնալու, ճանչնալով սիրելու ցանկութիւնը:

Մենք հասցուցինք անգամ Արցախ երթալ: Այն շքեղ է: Ամէն օր կը վերածնուի, վերընձիւղուի: Կ��?երթաս ժամերով` կանաչի մէջ, կանաչով պատուած, մէյ մըն ալ Ստեփանակերտն ու Շուշին կը յառնին: Մայրաքաղաք Ստեփանակերտը կարծես Արցախի սիրտը ըլլայ: Կ’ըսենք, չէ` Երեւանը վարդագոյն քաղաք է, իսկ Ստեփանակերտը կարծես սպիտակ ըլլայ` խաղաղութեան գոյնը խորհրդանշող: Այնտեղ խաղաղութիւն կը թեւածէ եւ զգացողութիւն, որ այս չնաշխարհիկ, աշխարհի սրտին մէջ ու միեւնոյն ժամանակ` աշխարհէն հեռու այս քաղաքը երբեք պատերազմ չէ տեսած, արկերու պայթիւն ու գնդակի հարուած չէ զգացած: Ցերեկները կեանքը կ’եռայ` աշխատանքի շտապող մարդիկ, երեխաներ, յղի կանայք: Օրը կը վազէ: Ու մարդիկ, որ ամբողջ իրենց հոգիով ու պատմութեամբ հայ են, հազար ու մէկ լարով կապուած են Արցախին, սիրել ըսելը քիչ է, կը պաշտեն զայն: Անոնք Ղարաբաղէն հեռանալու ցանկութիւն չունին. սա իրենց որդիի, հօր կամ հարազատի արիւնով ապրեցուած հողն է, իրենց համար ամենաապահով վայրը այս արեւին տակ: Կ’ըսեն` ու՞ր աւելի անվտանգ է` Փարի՞զ, Պեռլի՞ն, թէ Պրիւքսէ՞լ: Իւրայատուկ սրտի ու մտածողութեան տէր մարդիկ են: Արցախ այցը մեզի շատ բան տուաւ: Շուշիի բարձունքը…, եկեղեցիները: Ընդհանրապէս, մեր եկեղեցիները այլ ոգի ու շունչ ունին: Ուր ալ ըլլաս, կը մտնես հայկական եկեղեցի` հայկականութիւնը կը զգաս: Ե՛ւ ճարտարապետութիւնը  ուրիշ է, ե՛ւ աուրան, ե՛ զգացողութիւնները: Մենք երբեք, ոչ մէկ տեղ չենք տեսած, որ եկեղեցին բնութեան այդքան մօտ ըլլայ: Տաթեւի վանական համալիրը` օրինակ, բնութեան մէջ ծուարած, բայց բնութենէն վեհ, բնութեան հիւսուած, ներդաշնակուած հոգեւոր կեդրոն է: Կը մտնես` Աստուած կը խօսի հետդ: Հայերէն կը խօսի: Մենք այդ հայերէնը տարիներ շարունակ չենք հասկցած: Հիմա բռնած ենք Աստուծոյ հետ հաղորդակցուելու ամենաճիշդ ճանապարհը:

Մենք հայկական միջավայրէն հեռու ծնած ենք: Մեր շուրջը հայերէն չեն խօսած: Մենք զրկուած  եղած ենք այս ամէնէն : Իսկ հիմա, հայերէնը սորվելով,  անգամ մեր աշխարհայեացը կը փոխուի: Հիմա կը մասնակցինք ամառնային դպրոցին: Սա մեզի համար եզակի հնարաւորութիւն էր Հայաստան նորովի բացայայտելու, նոր հմտութիւններ սորվելու, ծանօթութիւններ հաստատելու: Հետաքրքիր է իմանալ` ի՞նչ խնդիրներ ունին այլ երկիրներէ եկած հայ երիտասարդները, ինչպէ՞ս  անոնք կը հասկնան ու կը ճանչնան հայերէնը, արդեօ՞ք մենք նման ենք իրար: Գիտէք` մեր կեանքը կը բաժնուի երկու շրջանի` նախքան հայերէն սորվիլը եւ հայերէն սորվելէ յետոյ: Ի հարկէ, սորվելու գործընթացքը դեռ կը շարունակուի երկար, մինչեւ կը սկսինք խօսիլ այնքան անկաշկանդ, ինչքան Հայաստանաբնակները: Հայերէնը մեզի նոր բանալիներ տուաւ, որոնցմով մենք մեր կեանքին ընթացքին դեռ շատ դռներ պիտի բանանք:

Ամալեայ Կարապետեան

մասնակիցներ Ուկրաինայից1մասնակիցներ Ուկրաինայից2

 

Scroll Up