Միացեալ Նահանգներ Պիտի Օգնէ Սուրիայէն Հայաստան Ժամանած Գաղթականներուն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/07/E7379E31-F7A3-456D-98ED-CCFB551F1B3E_cx0_cy5_cw0_w987_r1_s_r1.jpg)
«Ամերիկայի Ձայն» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական Մարք Քըրք խօսած է Հայաստանին տրամադրուող ամերիկեան օգնութեան կարեւորութեան մասին: Քըրք, որ մեծ աշխատանք տարած է Հայաստանին տրամադրուելիք օգնութեան ծաւալը ուրճացնելու ուղղութեամբ, ըսած է, որ Ծերակոյտին վաւերացուցած որոշումով՝ Հայաստանին պէտք է տրամադրուի 25 միլիոն տոլար, ինչ որ 3 միլիոն տոլարով աւելի է, քան նախորդ տարուան օժանդակութիւնը:
Ծերակուտականը նշած է, որ Հայաստանին յաւելեալ նպաստ տրամադրելու իր առաջարկը յառաջացած է թէ՛ իր նահանգի (Իլինոյ) հայ համայնքին պահանջով եւ թէ ստեղծուած իրավիճակին պատճառով։ «Այդ օգնութիւնը առիթ պիտի տայ նաեւ շարունակելու աշխատանքները ականազերծման գծով, որ լուրջ խնդիր մըն է տարածաշրջանին համար»:
Ծերակուտական Քըրք, որ եղած է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ, աւելցուցած է. «Կը պայքարէի Հայաստան ժամանած գաղթականներուն անհրաժեշտ օժանդակութիւն յատկացնելու համար, քանի որ Սուրիայէն եւ Իրաքէն փախստականները Հայաստանի վրայ զգալի բեռ մըն են, ուստի երկիրը օգնութեան կարիքն ունի»: