Շնորհակալութիւն Սփիւռքի Նախարարութիւն, Դուք Դարձաք Նոր Ընտանիք Մեր Երեխաներուն Համար

Յարգելի՛ ՀՀ  սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ Նախարարութեան բոլոր աշխատակիցներ,

Յարգելի՛ ՀՀ  սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի աշխատակիցներ, հիւրընկալ ընտանիքներ,

անցան նախապատրաստական երկար ամիսներ եւ երջանիկ 15 անմոռանալի օրեր, երբ բոլորդ դարձաք նոր ընտանիք մեր երեխաներուն համար:

Ճիշդ է` միշտ կը փորձենք անոնց մտապատկերին մէջ Հայաստանի գաղափարը ստեղծել եւ հայրենասիրութեամբ վարակել, բայց «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցիլը բոլորովին այլ նշանակութիւն ունի, հայրենի հողի վրայ այլ զգացումներով  կը համակուին եւ նորովի կը  բացայայտեն Հայաստանը:

«Արի տուն»-ը մեր երեխաներուն ընկերական լայն շրջապատ տուաւ, նաեւ հայերէնի, հայոց պատմութեան մասին գիտելիքներու պաշարը հարստացուց: Անոնք վայելեցին բոլորիդ սէրն ու ջերմութիւնը:

Ճիշդ է` հեռու կ’ապրինք, սակայն Հայաստան միշտ մեր սրտին եւ մտքին մէջ է: Մեր երազանքն է, որ հայ ժողովուրդը անամպ երկնքի տակ ապրի, իսկ աշխարհասփիւռ հայորդիները Հայաստանի շուրջ մէկտեղուին:

Շնորհակալութիւն բոլորիդ:

Եղիազար Ուզունեան  (Փլովտիւի մէջ ՀՀ  պատուոյ հիւպատոս)

Դերլեմեզեաններու ընտանիք

Ճամճիյեանններու ընտանիք

Շաքարեանններու ընտանիք

Գէորգեաններու ընտանիք

Scroll Up