«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Մասնակիցները Այցելեցին Թումօ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/07/դպրոց12.jpg)
Յուլիս 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի «Հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչներու, կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում» եւ «Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցում» դասընթացներու մասնակիցները այցելեցին Թումօ ուսումնական կեդրոն:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցներուն կ’ուղեկցէր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեան:
Թումօ կեդրոնին մէջ մասնակիցներուն հնարաւորութիւն տրուեցաւ ծանօթանալու կեդրոնին, անոր պատմութեան եւ գործունէութեան հետ: «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցներուն համար նախապատրաստուած էր նաեւ Թումոյի մասին պատմող փոքրիկ ֆիլմ, որ մասնակիցները հետաքրքրութեամբ դիտեցին:
Ֆիլմէն ետք սփիւռքահայ հիւրերը Թումոյի աշխատակիցներուն ուղղեցին իրենց հետաքրքրող հարցերը: Անոնց յատկապէս կը հետաքրքրէր, թէ ինչպէս կրնան մասնակիցը դառնալ կեդրոնի ծրագիրներուն: Հարցին ի պատասխան` անոնց յայտնեցին, որ կրնան մասնակցիլ Թումոյի ամառնային ճամբարին:
Այնուհետեւ ծրագիրի մասնակիցները շրջեցան Թումոյի մէջ, ծանօթացան այնտեղ յաճախող երեխաներուն հետ, անոնց զբաղուածութեան: Այցելեցին տաղաւարներ, ձայնագրման արուեստանոց, շարժանկարի սրահ:
Թումօ ուսումնական կեդրոնէն դուրս գալէ ետք, «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցները շրջեցան նաեւ Թումանեանի այգիին մէջ:
«Թումոն հիանալի վայր է, որ թոյլ կու տայ տարբեր հնարաւորութիւններու տէր ընտանիքներու երեխաներուն` իրենց համար բացայայտել նոր ստեղծագործական մօտեցումներ: Թումոյի ծրագիրները ուղղուած են դեռահասի համակողմանի զարգացման: Յիշատակման արժանի է յատկապէս այն, որ այս կեդրոնը ստեղծուած է սփիւռքահայու կողմէ, որ եւս մէկ անգամ կ’ապացուցէ Սփիւռք-Հայրենիք անսասան կապը>>,- «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին իր տպաւորութիւններով կիսուեցաւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակից Քաթիա Ռոեւան:
Լուսինէ Գրիգորեան
«Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի կամաւոր, ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի սփիւռքագիտութեան ամպիոնի ուսանող