Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Պէյրութի «Քնար» Պարային Համոյթը Պարգեւատրուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Ոսկէ Մետալով

Յուլիս 23-ին Պէյրութի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Քնար» պարային համոյթը հիւրընկալուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ: Պարախումբը կը մասնակցի «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին: Համոյթ, որ հանդէս  եկած է տարբեր բեմերու վրայ:

Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան շնորհաւորեց «Քնար» պարային համոյթի ղեկավարները եւ անդամները ոչ միայն հիմնադրման 60-ամեակին առթիւ, այլեւ Մայր Հայրենիքի մէջ յոբելեանական տարուան «Իմ Հայաստան» փառատօնին մասնակցելու առիթով եւ մաղթեց ստեղծագործական նոր նուաճումներ, նոր բեմեր ու նորանոր ծրագիրներ կեանքի կոչելու հնարաւորութիւն:

Ան իր հիացմունքը յայտնեց բազմավաստակ, հարուստ պատմութիւն ունեցող պարախումբի բոլոր տարիներու նուիրեալներուն` հովանաւորներուն, պարուսոյցներուն, որոնք սփիւռքահայ երիտասարդներուն մէջ ազգային պարի միջոցով կը սերմանեն սէր դէպի ազգային մշակոյթը: Ան նշեց, որ «Քնար» պարախումբը զինուորագրուած է սփիւռքի ինքնութեան գոյապայքարին եւ 60 տարի անընդմէջ պարարուեստի միջոցով հայապահպանութեան իր ուղին  կերտած: Պարախումբը բազմաթիւ ելոյթներ  ունեցած է Հայաստանի, Ֆրանսայի, Քուէյթի, Իրանի, Կիպրոսի, Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ,ամենուրէք թնդացուցած է հայ պարը` արթնցնելով հայրենիքի, ազգային մշակոյթի հանդէպ հետքրրութիւնն ու սէրը:

Սերժ Սրապիոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարութեան ծրագիրներուն եւ, մասնաւորապէս, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին աշխուժօրէն մասնակցելուն համար եւ, կատարելով Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հրամանը, համայնքներուն միջեւ կապերու ամրապնդման գործին մէջ ներդրում ունենալու, մատաղ սերունդին, երիտասարդութեան հայեցի ուսուցման եւ դաստիարակութեան գործին մէջ ձեռք բերած յաջողութիւններուն, մասնագիտական գործունէութեամբ Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացման ու ճանաչման նպաստելուն, ազգային հասարակական գործունէութիւն ծաւալելուն, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան գործին մէջ մեծ աւանդ ունենալուն, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան նշանակալի ծառայութիւններ մատուցելուն համար ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մետալը շնորհեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Պէյրութի «Քնար» պարախումբին:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ նման բարձր պատիւի արժանացնելու համար` ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Լիլիթ Գալստեան, որ մասնաւորապէս ըսաւ. «Սիրելի’ համազգայիններ, եկէք բոլորս միասին շնորհակալութիւն յայտնենք հայրենի կառավարութեանը, մասնաւորապէս` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեանը եւ անձամբ նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին` այս սրտաբաց ընդունելութեան եւ բարձր գնահատանքի համար, թէեւ Համազգային-ը արդէն 88 տարեկան է, սակայն յատկապէս հզօրացել է վերջին 25 տարիներին, մասնաւորապէս` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումից յետոյ` շնորհիւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի: Եկէ՛ք շնորհակալ լինենք հայրենի կառավարութեանը, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեանը, անձամբ նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին` մեր աշխատանքը ըստ արժանաւոյն գնահատելու, մեզ ոգեւորելու, Հայրենիքի հետ մեզ կապելու համար»:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան «Քնար» համոյթի ղեկավարները եւ կատարողները, որոնք բոլորն ալ բարձր գնահատեցին հայրենական իշխանութիւններու ջանքերը Սփիւռք-Հայաստան կապերը ամրապնդելու եւ սփիւռքեան կառոյցներու աշխատանքները ուղորդելու եւ ըստ արժանաւոյն գնահատելու համար:

12 34 5 6 (1)

Scroll Up