ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է

Յարգելի´ տիկին նախարար

Եբեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանի աշխատակազմի անունէն ջերմօրեն կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ Ձեր աշխատակագմին`  Սփիւռքի նախարարութեան 5-ամեայ յոբելեանի առթիւ, մաղթելով առողջութիւն, յաջողութիւն եւ նորանոր ձեռքբերումներ Ձեր պատասխանատու ու հայրենանպաստ աշխատանքին մէջ:

Անցած հինգ տարիներուն ընթացքին անգնահատելի Է Ձեր նպաստր ոչ միայն նախարարութեան կայացման, այլեւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ, որուն որպէս  արդիւնք եղան բազմաթիւ գործարար հանղիպումներ ու ծրագիրներ, մշակութային ձեռնարկները, մայրենիի ուսուցանումն ու տարածումը, սուրիահայերու բազմաթիւ խնդիրներու լուծումը:

Իր նորարարութեամբ եւ առանձնայատկութեամբ կարելի Է նշել «Արի տուն» ծրագիրը, որու ծիրէն ներս  Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանի եւ սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութեան արդիւնքով մեր թանգարան  այցելած է շուրջ  4000 սփիւռքահայ պատանի ու աղջիկ, ծանօթացած մայրաքաղաքի անցեալի ու ներկայի պատմութեան եւ վերադարձած` տուեալ երկրին մէջ ստանձնելով մեր փոքրիկ հայրենիքի դեսպանի առաքելութիւնը …

Համոզուած ենք, որ նախարարութիւնը իր փորձառու եւ գործունեայ նախարարի ղեկավարութեամբ ապագային եւս կեանքի պիտի կոչէ նման հետաքրքիր ու աննախադէպ ծրագիրներ, որոնք ա´լ աւելի կ’ամրապնդեն Հայրենիք-սփիւռք կամուրջը:

Յարգանքով`  Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանի տնօրէն

ԱՐՄԻՆԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Scroll Up