ՀՀ ՍՓՅՈՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹՅՈՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է
Ազնուափայլ Տիկի´ն Հրանոյշ Յակոբեան
Վստահ եմ, որ ամէն սփիւռքահայ, առաւել եւս մշակոյթի եւ արուեստի գործիչ, աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուի, ականատեսն ու վկան եղաւ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ անցնող հինգ տարիներու ընթացքին կատարուած ազգանպաստ ու հայրենանպաստ հսկայական աշխատանքին, որուն արդիւնքը կրնայ միայն ուրախութեամբ ու հպարտութեամբ ողջունուիլ համայն հայութեան կողմէ: Բոլոր այն բազմապիսի ծրագիրները, զորս ձեր իմաստուն, շրջահայեաց, նրբանկատ, հեռատես եւ անխոնջ առաջնորդութեամբ իրականացուց Սփիւռքի նախարարութիւնը, զօրացուցին աշխարհասփիւռ հայութեան ազգային գոյութեան ու գոյատեւման հիմնասիւները, իրարու կամրջեցին ոչ միայն Հայաստանը Եւ Սփիւռքը, այլ նոյնինքն աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը: Իբրեւ Սփիւռքի մէջ ծնած ու կազմաւորուած գեղանկարիչ-արուեստագէտ, չէի կրնար չողջունել այսպիսի աննախընթաց իրագործում մը:
Հակառակ ջերմ ցանկութեանս, հնարաւորութիւնը չունենալով անձամբ Երեւան գալու եւ Ձեզ շնորհաւորելու՝ Սփիւռքի նախարարութեան հնգամեակին առիթով, փոխան շնորհաւորական այցելութեան, կը խնդրեմ, որ ընդունիք գեղանկարը, զոր մտերիմ ընկերս՝ Սարգիս Նաճարեան սիրայօժար յանձն առաւ փոխանցել Ձեզի, որպէսզի ան զարդարէ Սփիւռքի նախարարութեան համեստ մէկ պատը:
ԳՐԻԳՈՐ ՆՈՐԻԿԵԱՆ, գեղանկարիչ
Պէյրութ