Աւստրալահայ Համայնքի Հաւաքագրած Գումարով Արցախի Բանակին Համար Սարքաւորումներ Պիտի Գնուին

Աւստրալիոյ մէջ իրականացուած Արցախի զօրակցութեան նուիրուած թելեթօնի ընթացքին հաւաքագրուած է 112 հազար տոլար:

Այս մասին «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին նշեց Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արին Մարգարեան` ընդգծելով, որ բաւական աշխոյժ մասնակցութիւն արձանագրուած է:

«Ընդհանուր առմամբ, ֆինանսական փոխանցումները Աւստրալիոյ հայ համայնքէն էին: Մեծ հպարտութեամբ կրնամ ըսել, որ Աւստրալիոյ հայերը ցուցաբերեցին առատաձեռնութիւն եւ բարութիւն Արցախի ժողովուրդին համար: Մեր համայնքը ցուցադրեց, թէ ինչպէս կրնայ ըլլալ միասնական եւ ուժեղ` օգնելու մեր Արցախի քաջ ժողովուրդին: Շատ ուրախ ենք նուիրատուութիւններու այսպիսի արդիւնքներու համար:  Ինչպէս երգի բառերն են` «Արցախն է  մեզ կանչում,օգնութեան հասէք», կը կարծեմ այս համայնքը կրնայ հպարտանալ իր աշխուժութեամբ, ֆինանսական օգնութեամբ»,-ըսաւ Արին Մարգարեան:

Ան ընդգծեց, որ կարեւոր չէ, թէ ով որքան գումար  նուիրաբերած է, քանի որ բոլորը` երիտասարդներէն մինչեւ տարեցներ,միացած են Արցախին օգնելու գործին: Ստացուած են նուիրատուութիւններ աւստրալական 10 տոլարէն մինչեւ 10000 տոլար:

«Մեծամասնութիւնը, ի հարկէ, հայեր են նուիրատուութիւն կատարողները, բայց նուիրատուութիւններ ստացուած են նաեւ յոյներէ եւ ասորիներէ: Անոնք, որոնք տեղեակ են մեր այսօրուան խնդիրներէն,-աւելցուց Արին Մարգարեան:

Հանգանակուած գումարը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի «ԼՂՀ անկախութեան, անվտանգութեան եւ խաղաղութեան հիմնադրամ»-ին:Գումարներու օգտագործման նպատակին վերաբերեալ համաձայնութիւն կայ Արցախի հետ: Արդէն իսկ յստակ է առաջին ծրագիրը` բանակին համար անհրաժեշտ սարքաւորումներ գնելն է:

Արցախի զօրակցութեան նուիրուած թելեթոնը տեղի ունեցած  է Յուլիս 18-ին: Այն իրականացուած  է Աւստրալիոյ մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ  Քայլար Միքայէլեանի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպուած էր ՀՅԴ Աւստրալիոյ «Դրօ» կոմիտէի եւ անոր ուղեկից միութիւններուն,  Աւստրալիոյ հայ դատի յանձնախումբին եւ «Արմէնիա մետիա» մամուլի եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան կողմէ:

Scroll Up