Կը Փորձենք Հայերէնը Դարձնել Հոգիի Լեզու. «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց-2016
Եթէ ուսուցիչը կը սիրէ իր աշխատանքը, ան լաւ ուսուցիչ կ’ըլլայ: Եթէ ուսուցիչը կը սիրէ աշակերտը, ապա ան աւելի լաւ ուսուցիչ կ’ըլլայ, քան ան, որ կարդացած է բոլոր գիրքերը, բայց չի սիրեր իր աշակերտը: Եթէ ուսուցիչը կը սիրէ ե՛ւ իր աշխատանքը, ե՛ւ իր աշակերտը, ան կ’ըլլայ կատարեալ ուսուցիչ:
Լէօ Թոլսթոյ
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի «Հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչներու, կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում» դասընթացքի ծիրէն ներս ինծի բախտ վիճակուեցաւ ծանօթանալու Հայկական սփիւռքի տարբեր համայնքներէն եկած նուիրեալ ուսուցիչներու հետ: Ես անոնց կը կոչեմ նուիրեալ, սակայն ռուս մեծ դասականը այս պարագային աւելի դիպուկ սահմանում կու տար` կատարեալ ուսուցիչներ: Մարդիկ, որ օտար հողի վրայ ունենալով բազում հոգեր, ընտանիք, երեխաներ, հաց վաստակելու եւ բարեկեցիկ կենցաղ ստեղծելու խնդիր, իրենց կեանքը նուիրած ու կը շարունակեն նուիրել հայապահպանութեան վեհ գործին: Այսօր անոնցմէ ոմանք հայրենիքի մէջ են` եկած աշխարհի տարբեր ծագերէ` Մերձաւոր Արեւելքէն մինչեւ Գանատա:
Խօսելով հայկական համայնքներու մէջ հնարաւոր ուծացման մասին` շատ յաճախ կը նշեն, որ վտանգը առաւել նկատելի է յետսովետական տարածաշրջանի երկիրներու հայկական համայնքներուն մէջ, մասնաւորապէս` Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ: Սակայն այս գնահատականը ամենեւին ալ չի համապատասխաներ իրականութեան, եւ ատիկա առաւել ընդգծելու համար զրուցեցինք ՌԴ-էն հայրենիք եկած հայ ուսուցիչներուն հետ: Անոնց դիտարկումները, կարծիքները, մեկնաբանութիւններն ու առաջարկութիւնները կը ներկայացնենք առանձին յօդուածներով:
Գոհար Թունեան ԵՊՀ-ի մէջ ուսանելու տարիներուն չէր ալ պատկերացներ, որ կեանքի ճանապարհները օր մը պիտի տանէին Փեաթիկորսկ: Հայաշատ այս քաղաքին մէջ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ կից երկօրեայ դպրոցը կը գործէ արդէն տաս տարի, որուն ակունքներուն մէջ կանգնած եղած է տիկին Թունեան: Հէնց այստեղ ալ իր մանկավարժական գործունէութիւնը ծաւալած է եւ կը շարունակէ աշխատիլ մինչ օրս: Սակայն բոլորովին տարբեր է այդ աշխատանքը այստեղ` հայրենիքի մէջ, երբ ինքնութեան կռիւ կարծես թէ չկայ, եւ այնտեղ` Հիւսիսային Կովկասի մէջ, երբ ամէն վայրկեան պէտք է զգօն ըլլալ հայ մնալու համար: Կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ ուսուցչուհին հայոց լեզու եւ հայոց պատմութիւն կը դասաւանդէ, երկու կարեւորագոյն առարկաներ. լեզուն` հայ մնալու գրաւականը, եւ պատմութիւնը` մեր անցեալի վիպերգութիւնը:
«Դպրոցին մէջ հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան դասաւանդման եւ ուսուցման մակարդակը բաւականին բարձր է: Խնդիրը այս պարագային երեխաներու քանակին մէջ է: Ճիշդ է` քաղաքը հայաշատ է, բայց աշակերտներու քանակը այնքան ալ շատ չէ, որ շարք մը պատճառներ ունի: Ըստ ծնողներուն` երեխաները ամէնօրեայ դպրոցին մէջ արդէն իսկ ծանրաբեռնուած ցուցակով ու ծրագիրով կը սորվին, կը յաճախեն տարաբնոյթ խմբակներու, իսկ ահա երկրորդ` կիրակնօրեայ դպրոց յաճախելու ժամանակ չի մնար, սակայն ցանկութիւնը մեծ է: Որքանով արդարացի է այս պատճառը, ես չեմ գիտեր, այնուամենայնիւ` ասոր մէջ ճշմարտութիւն կայ. 21-րդ դարու երեխան բազմակողմանի զարգանալու խնդիր ունի, գերհագեցած առօրեայ, գերծանրաբեռնուած կրթական ծրագիրներ: Սակայն թոյլ տուէք նկատել եւ ընդգծել, որ ես ոեւէ հայկական ընտանիքէ չեմ լսած այն կարծիքը, թէ հայերէնը պէտք չէ, երկրորդական է, ոչ կիրառելի»,- «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին կը պատմէ տիկին Թունեան:
Դպրոցը այս պարագային ամէն հնարաւոր բան կ’ընէ, անգամ եթէ պէտք է` մէկ աշակերտով ալ դասարան կը կազմուի ու դասընթացքը կ’ընթանայ բնականոն հունով: Ոեւէ մէկը, որ կը ցանկայ հայերէն սորվիլ, այցելել հայկական դպրոց, դուրս չի մնար, կ’ընտելանայ դպրոցի առօրեային, բացի գիտելիքներէն նաեւ ընկերներ ձեռք կը բերէ, կը ծանօթանայ իր հայրենակիցներուն հետ, որոնք թէկուզ ծնած են օտար ափերու վրայ, սակայն մէկ թելով կապուած են հայրենի երկրին` Հայաստանին:
«Մեծ է հայ համայնքին ու եկեղեցւոյ դերը: Հոգեւոր դասեր, հրաշալի հանդիպումներ, շրջագայութիւններ Հայաստան. այս ամէնը համադրելով հնարաւոր կ’ըլլայ նաեւ մեր այնտեղ հայ մնալը, մեզի ու մեր սերունդներուն հայեցի դաստիարակելն ու հայապահպան գործունէութիւն ծաւալելը»,- կը նշէ տիկին Թունեան` չմոռնալով շնորհակալութիւն յայտնել նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան, որ կապող մեծ ու եզակի օղակ է հայրենիքի ու սփիւռքի միջեւ:
«Մենք չունինք այնպիսի աշակերտ, որ ստիպողաբար կու գայ դպրոց: Ո՛չ, ատիկա գիտակցական ընտրութիւն է: Ի հարկէ, փոքրիկներուն պարագային մեծ է ծնողներու գործօնը, որոնք երեխաներուն հետ կու գան բոլոր դասերուն, հետեւողական են ու համբերատար: Շատերը զերոյէն կը սկսին: Այս պարագային մեր առանց այդ ալ բարդ գործը աւելի կը բարդանայ, սակայն անհնարին բան չկայ: Կը սկսինք խօսակցական հմտութիւններու զարգացումէն: Կը խրախուսենք, որ խօսին, թէկուզ երբեմն սխալին, թէկուզ դժուարանան, միայն թէ խօսին, միայն թէ զգան հայեցի լեզուամտածողութիւնը: Այս ամէնը միայն դպրոցի պատերու ներսը չի մնար: Քաղաքը փոքր է, երեխաները յաճախ կը հանդիպին, մենք չենք կրնար ստիպել կամ հետեւիլ անոնց, որ իրար հետ հայերէն հաղորդակցին, սակայն կը խրախուսենք անոնց, կ’ոգեշնչենք, եւ դպրոցին մէջ սերտած հայերէնը աշակերտը իր հետ կը տանի տուն, ընկերական շրջապատ, եւ ի վերջոյ` իր ներաշխարհ, ուր ինքն իր հետ կը զրուցէ հայոց լեզուով, կը մտածէ հայերէնով: Կը փորձենք հայերէնը դարձնել հոգիի լեզու»,- կը նշէ տիկին Թունեան:
Ունենալով տարիներու փորձ` ուսուչուհին մեծ ոգեւորութեամբ եկած է «Սփիւռք» ամառնային դպրոց: Անոր ձեւակերպմամբ` Սփիւռքի հայ ուսուցիչներու խնդրի հիմքը նոյնն է, պարզապէս աշխարհագրութիւնը տարբեր է: «Հետաքրքիր է իմանալ` ինչպէս կ’աշխատի լիբանանահայ, գանատահայ, գերմանահայ ուսուցիչը, ինչ մեթոտներ ունի ան: Մենք ամէն օր իրարմէ կը սորվինք, ի հարկէ` մեծ դասեր կը քաղենք նաեւ մեր հիանալի դասախօսներէն, որ Մայր համալսարանի յառաջատար մասնագէտներն են»,- կ’ըսէ ռուսաստանաբնակ ուսուցչուհին: Ան կը յիշէ, թէ ինչպէս մէկ ամիս առաջ Գրասնոտարի մարզի հայկական համայնքը Սրբազանի հովանաւորութեամբ համագումար կազմակերպած էին, որ մեծ յաջողութիւն արձանագրեց` համախմբելով հայ ուսուցիչներուն եւ խրախուսելով հայ աշակերտներուն: «Թո՛ղ այսպիսի համագումարներ շատ կազմակերպուին, կրեն համահայկական բնոյթ: Շատ ցանկալի կ’ըլլայ, որ կազմակերպուէին երկկողմանի այցեր, Հայաստանէն գային ու տեսնէին մեր փորձը, հետեւէին մեր աշխատանքին, ինչպէս մենք կու գանք այստեղ ու մեծ փորձի փոխանակում կ’ունենան: Միշտ ալ սորվելու բան կայ, եւ ուսուցիչը այս պարագային առաւել պարտաւորուած է ողջ կեանքի ընթացքին սորվեցնել եւ միեւնոյն ժամանակ սորվիլ»,- կ’ըսէ բազմափորձ ուսուչուհին:
Ամալեայ Կարապետեան