Գէորգի Եղիազարեան, Կարէն Մկրտչեան. «Դուրսը Ապրող Իւրաքանչիւր Հայու Համար Հայրենիքի Հզօրութիւնը` Կարեւոր Թիկունք Է»

Հոկտեմբեր 12-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած` ԱՊՀ  երկիրներու եւ Վրաստանի հայկական համայնքներու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու հաւաք-հանդիպման կը մասնակցէին նաեւ Մինսքի հայ համայնքի ղեկավար Գէորգի Եղիազարեան եւ Ս. Փեթերսպուրկի հայ համայնքի նախագահ Կարէն Մկրտչեան:
Համայնքներու ստեղծման, հիմնադրման պատմութեան, առօրեայի եւ ազգապահպանութեան հարցերու շուրջ անոնց հետ զրուցած է  «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը:

Գէորգի Եզիազարեան.

-Կը ներկայացնեմ Մինսքի հայկական համայնքը, որ ձեւաւորուած է 1990 թուականին: Սպիտակի երկրաշարժէն ետք մենք օգնութիւններ կը  կազմակերպէինք մեր հայրենակիցներուն. այդ տարիներուն համախմբուեցանք եւ ստեղծեցինք մեր համայնքը: Ես կը ղեկավարեմ համայնքը 1995թ.-էն: Մինչեւ ՀՀ սփիւռքի  նախարարութեան ստեղծումը շատ  դժուար էր աշխատիլ. չկային գիրքեր, ուսուցիչներ… Սփիւռքի նախարարութիւնը մեր հոգսերուն կէսը վերցուց իր ուսերուն: Աշխարհով մէկ սփռուած հայերու համար Սփիւռքի նախարարութիւնը փարոս է: Պելառուսի մէջ պաշտօնական տուեալներով 8.532 հայ կ’ապրի, իսկ ոչ պաշտօնական տուեալներով` մօտ 15000 հայ, Մինսքի մէջ` ուղիղ կէսը:

Համայնքը դեռեւս չունի իր եկեղեցին, բայց ունինք խաչքար, որուն շուրջ յաճախ կը հաւաքուինք տարբեր առիթներով: Ունինք կիրակնօրեայ դպրոց, ուր կը յաճախեն մօտաւորապէս 100 աշակերտներ` սորվելու մայրենին, ծանօթանալու հայ մշակոյթին ու պատմութեան: Համայնքը ունի շատ յայտնի «Էրեբունի» պարի համոյթը, որու համբաւը տարածուած է Մինսքէն դուրս. Մասնակցած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած բոլոր ձեռնարկներուն «Էրեբունին»,  պարախումբը համերգներով շրջագայած է  Չեքոսլովակիա,
Մեծ Բրիտանիա, Ֆրանսա: Խումբը մասնակցած է մրցոյթներու, դարձած է մրցանակակիր: Կիրակնօրեայ դպրոցին կից ունինք մանկական երգչախումբ եւ մանկական պարախումբ: Ունինք էլեկտրոնային օրաթերթ, ուր կը տեղադրենք համայնքի հայութեան կեանքի, առօրեայի, յաջողութիւններու եւ խնդիրներու մասին պատմող նիւթեր: Մեր համայնքը ոչ մէկ բանի պակաս  չունի. եթէ ինչ-որ խնդիր ունենանք, նամակով կը դիմենք ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն, եւ բոլոր  հարցերը կը լուծուին:

Այստեղ գտնուելուս առիթը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան յոբելեանն է. ես մեր համայնքի անունէն սրտանց կը շնորհաւորեմ նախարարը եւ  նախարարութեան ողջ աշխատակազմը` իրենց հայրենանուէր աշխատանքի համար, որու 5 տարին հաւասար է ուրիշներու  10  տարուան աշխատանքներուն:

Ինծի համար շար կարեւոր է մեր ազգային արժէքներու գնահատումն ու պահպանումը, որ լաւագոյնս իր բաժինով կ’ապահովէ Սփիւռքի նախարարութիւնը:

…ես ուսանած եմ Քիեւի Աւիացիայի ինստիտուտը, կ’ապրիմ եւ կ’աշխատիմ Մինսքի մէջ: Եղած եմ «Պելաւիա»-ի արտադրական ծառայութեան բաժինի պետ, ղեկավարած եմ օդանաւային ընկերութիւն, միւս ընկերութեան փոխտնօրէն եղած եմ, յետոյ` գլխաւոր տնօրէն: Դժուար է երկու աշխատանք կատարել` աշխատիլ եւ´ համայնքի, եւ´ ընկերութեան, սակայն երկուքն ալ ինծի համար շատ կարեւոր են
ու սիրելի:

Համայնքէն ներս միշտ ալ աշխատանք կայ. արդէն սկսած ենք  Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ ծրագիրներու մշակումը, նախապատրաստական աշխատանքները, ձեռնարկներու իրականացումը: Մեզի պէտք է աշխարհը ճանչնայ միայն լաւագոյնի առումով, մենք ատոր համար ունինք բոլոր նախադրեալները:
Ցաւօք, օգոստոս 17-ին Պրեստի մէջ տհաճ միջադէպ գրանցուեցաւ. հայերուն ծեծեցին այսպէս կոչուած «Դինամօ Բրեստ» կազմակերպութեան հետեւողները, ազգայնամոլները, յետոյ անոնցմէ երկու հոգի փախան դէպի անտառներ, մէկը գետով փախչելուն խեղդուեցաւ… Անոնք սկսան ցոյցեր ընել, ստեղծուեցաւ  տհաճ, տագնապալի իրավիճակ, բայց յետոյ ամէն ինչ ըրին, որ հարթուի լարուած
իրավիճակը, եւ խաղաղութիւն տիրէ: Փառք Աստուծոյ,  հանդարտեցաւ ամէն ինչ. հիմա ոչ մէկ խնդիր չունինք: Հայերը միշտ ալ յարգուած
եղած են եւ բարեկամական լաւագոյն  յարաբերութիւններ ունին բոլորին հետ:
Դուրսը ապրող իւրաքանչիւր հայու համար կարեւոր է թիկունքին զգալ հայրենիքի գոյութիւնը, հզօրութիւնը:

Կարէն Մկրտչեան.

-2010թ. մեծ շուքով մենք նշեցինք մեր համայնքի 300-ամեակը: Մեր տօնին միացան ՀՀ նախագահը, ՌԴ-ի նախագահը եւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը:

Մեր համայնքէն ներս վերածնունդ սկսաւ, երբ Ս. Փեթերսպուրգ (այն ժամանակ` Լենինկրատ) եկաւ Եզրաս Սրբազանը: 1987թ. Լենինկրատի հայկական համայնքը աննախադէպ վերելք ապրեցաւ. մեզի վերադարձուցին մեր եկեղեցիները: Ունինք երեք եկեղեցի, կիրակնօրեայ դպրոց, քաղաքային մեծ դպրոց, մշակութային մեծ կեդրոն:

Չորս պարախումբ ունինք, Երիտասարդաց միութիւն` «Նոր սերունդ» անուամբ, կանանց միութիւն` «Հռիփսիմէ», Վետերաններու միութիւն, այս տարի կը նշենք մեր «Հաւատամք» թերթի 20-ամեակը, որ կը ղեկավարէ մեր փայլուն գրող, բանաստեղծ Արմէն Մերուժանեան: Այս տարիներուն վերատպած ենք մօտ 80-ի չափ գիրք` կապուած հայ արուեստի, մշակոյթի, գիտութեան հետ: Ամէն առումով մեր համայնքը իւրայատուկ է. բոլորս համախմբուած ենք ազգային արժէքներու շուրջ: Ունինք երկու տարի առաջ ստեղծուած Փեթերսպուրկի Երիտասարդաց սիմֆոնիք նուագախումբ, ուր ընդգրկուած են ոչ միայն հայեր: Ղեկավարը ընդամէնը 21-ամեայ հայ երիտասարդ է: Չեմ գիտեր  այնպիսի  այլ համայնք մը, որն ունենայ սիմֆոնիք  նուագախումբ: Այն իր ծրագիրին մէջ կը ներառէ հայ
երաժշտահաններու եւ համաշխարհային դասականներու գործեր: Հզօր համայնք է:
Սակայն  բայց մը կայ… Ունինք մեծ դպրոց, ուր կրնան սորվիլ 600 երեխայ, բայց կը յաճախէ 80 երեխայ: Պատճառաբանելով հեռաւորութիւնը, սակայն հանրակառք ալ  տրամադրած ենք… Այդ 80 երեխաներն ալ ստիպուած կը  սորվին:
Հաւաքած ենք ծնողներուն, զրուցած, փորձելով գտնել պատճառները: Ինծի համար հանելուկ է, թէ ինչու հայ ընտանիքներու երեխաները չեն ուզեր յաճախել հայկական դպրոց, ուր բոլոր պայմանները ստեղծուած են լաւագոյն ուսում ստանալու համար` պատրաստուած մասնագէտ-ուսուցիչներ, դասագիրքեր, յագեցած առօրեայ, բայց…

Այս  համաժողովին ընթացքին հնչած կարեւորագոյն հարցը պէտք է համարել հայոց լեզուի խնդիրը ԱՊՀ տարածաշրջանի երկիրներուն մէջ, ուր, գաղտնիք չէ, որ նոր սերունդը կը մոռնայ հայոց լեզուն … Ին՞չ ընել, ինչպէ՞ս… Այս խնդիրը բոլորին  կ’անհանգստացնէ:

…1985-ին գացած եմ Լենինկրատ, ուսանած եմ  այնտեղ, ամուսնացած: Իմ երթալը փախուստ չէ եղած Հայրենիքէն. ես միշտ ալ մնացած եմ Հայրենիքիս հետ:

Մասնագիտութեամբ պատմաբան եմ եւ շատ կ’ուզեմ, որ դուրսը ապրող հայ երեխաները, երիտասարդները լաւ իմանան հայոց պատմութիւնը եւ այդ պատմութեան կարեւոր, խոշոր իրադարձութիւններն ու դրուագները: Անկեղծօրէն պիտի ըսեմ, որ նոր սերունդը  հետաքրքրուած չէ իր ժողովուրդի պատմութեամբ, գրականութեամբ, թէեւ այդ ուղղութեամբ համայնքը շատ գործ կ’ընէ. Կը կարծեմ` այստեղ աւելի կարեւոր է ընտանեկան միջավայրը, ընտանիքի գործօնը:

Համայնքը կ’աշխատի ժրաջան մեղուի պէս. Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ   տարելիցին ընդառաջ շատ մեծ ծրագիր ունինք`  յուշարձանի տեղադրում, գիրքերու տպագրութիւն, համագումարներ եւ այլն: Առաջին համայնքներէն ենք, որ ստեղծեց հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կոմիտէ, ուր ներգրաւուած եմ նաեւ ես:
Աստուած ուժ, համախմբուածութիւն տայ մեզ, որ իրականացնենք մեր ծրագիրները: Ատիկա  մեր հոգիի սուրբ պարտքն է եւ խոնարհումը 1915թ. նահատակուած անմեղ զոհերու յիշատակին:

Կարինէ Աւագեան

Scroll Up