Տիթրոյթի Մէջ Արցախի Նուիրուած Ձեռնարկ

Հայրենիք- Յունիս 11-ին երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, նախաձեռնութեամբ Հ.Օ.Մ.ի Տիթրոյթի հինգ մասնաճիւղերուն, շուրջ 450 հայորդիներ համախմբուած էին Հայ Կեդրոնի շրջաբակին մէջ, այս առթիւ զետեղուած հսկայ վրանին տակ, իր նիւթական ու բարոյական զորակցութիւնը յայտնելու քաջարի Արցախահայութեան։

Ձեռնարկին ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Տէր Հրանդ Քահանայ Գէորգեան,Հ.Յ.Դ. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Հայկ Օշական,Հ.Օ.Մ.ի Շրջանային վարչութեան անդամ Սիլվա Սաղրեան, Հ.Յ.Դ. «Ազատամարտ» Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Րաֆֆի Ուրլեան, ինչպէս նաեւ կազմակերպող միութիւններուն վարչականներ ու անդամներ։

Հ.Օ.Մ.ի անունով միացեալ յանձնախումբի անդամ ընկերուհի Անի Աթթար բարի գալուստի խօսք ուղղեց: Ան իր խօսքին մէջ հաստատեց թէ Արցախի հանրապետութեան ամրապնդումը մեր հայրենիքի դիկունքին ապահովումն է, առ այդ բոլորին հրաւիրեց իրենց նիւթական եւ բարոյական մասնակցութիւնը բերելու վերակարուցման աշխատանքին։

Օրուայ հանդիսավար Շանթ Ժամկոչեան ներկայացուց Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, զեկուցելու համար Արցախի եւ յատկապէս Ապրիլ ամսուայ պատերազմի մասին։

Ան նախ ներկայացուց հանրապետութեան ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական վիճակը նախքան վերջին պատերազմը, ապա մանրամասն անդրադարձաւ պատերազմին եւ անկէ ետք պատահած դէպքերուն մասին: Յովհաննիսեան հաստատեց թէ հակառակ թշնամիին, տարիներու վրայ երկարող նիւթական մեծ ներդրումներուն, պատրաստութիւններուն, մեր տղաքը անակնկալի բերին ոչնչացնելով իրենց յատուկ ջոկատները: «Այս վերջին պատերազմը անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու թէ Արցախահայութեան գոյատեւելու կամքը անխորտակելի է, իսկ ինչ խօսք կամաւորներու հոսանքին մասին դէպի ռազմաճակատ, ըսաւ ան։
Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժնին մէջ ելոյթ ունեցաւ Արա Թոփուզեան ընկերակցութեամբ՝ Թոմ Զաքարեանի: Համազգայինի պարախումբի «Հրաշք» եւ «Յոյս» խումբերէն միացեալ խումբը երկու պարերով խանդավառեցին ներկաները: Սամ Ալաճաճեան ընկերակցութեամբ Ժիրօ Թաւիթեանի, Հրանդ Կիւլեան եւ Շանթ Մասսոյեան (Նիւ Ճրզիէն) ընկերակցութեամբ Շահան Գրիգորեանի, Քրիստափոր Արապեան եւ Շահէ Սգայեան ընկերակցութեամբ Կրէկ Հոշարեանին (վէրջին երեքը Լոս Անճելըսէն) երգեցին ժողովրդային, ազգագրական, ազգային եւ յեղափոխական երգեր:
Յայտագրի ընդհանուր մթնոլորտէն խանդավառուած եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Հաւաքը աւարտեցաւ ժամը 1:00ին։

Ներկաները դժուարութիւն ունեցան բաժնուելու այս անմոռանալի Զգալի էր մեծ թիւով երիտասարդութեան ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը: Նաեւ հետաքրքրական էր այն պահը երբ բոլոր ներկաները միասնաբար կ՛երգէին մեր պատմութեան փառաւոր դէպքերն ու դէմքերը մարմնաւորող երգերը:
Ողջունելի է բոլորին բարցր գիտակցութեամբ եւ յարգանքով մօտեցումը՝ մեր ազգային արժէքներուն նկատմամբ։

Սոյն ձեռնարկին նախաձեռնող միութեան իրենց նիւթական, բարոյական թէ կազմակերպական բոլոր գործերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Սուրբ Սարգիս Հայաստանեաց Առաքելական եկեղեցին, Սուրբ Վարդան Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիները, Հ.Յ.Դ. «Ազատամարտ» Կոմիտէն, Հ.Ե.Դ.-ի «Կոպեռնիկ Թանտըրճեան» մասնաճիւղը, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերը, նաեւ տեղւոյն Հայ Դատի յանձնախումբը։
Հանգանակուած գումարը կ՛ընդգրկեն Մայիս ամսուան Հ.Ե.Դ.ի կազմակերպած ընթրիքի եւ Հ.Յ.Դ. «Ազատամարտ» Կոմիտէին Մայիս 28-ի տօնակատարութեան ձեռնարկներուն ամբողջ հասոյթները։

Այս ձեռնարկին առիթով կազմակերպուած էր վիճակահանութիւն մը, որու պարգեւն էր Հայաստան մեկնելու երկու տոմսեր: Սոյն պարգեւը շահեցաւ Թորոս Չէօճեան։
Այս առիթով կազմակերպող միութիւններուն անունով գաղութի գիտակից զանգուածին յատուկ շնորհակալութիւն։

Տեղին է յիշել թէ բոլոր երաժիշտներն ու երգիչները սիրայօժար եւ անվճար իրենց մասնակցութիւնը բերին: Այս մեծ ներդրումը խիստ օրինակելի ու գնահատելի է։

Շ. Ժամկոչեան

Scroll Up