ԱԳ Նախարարը Հանդիպում Ունեցաւ ԵՊՀ Միջազգային Յարաբերութիւններու Բաժանմունքի Ղեկավարութեան Հետ

Հոկտեմբեր 15-ին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան հանդիպեցաւ ԵՊՀ միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի անձնակազմի ղեկավար`  Գեղամ Պետրոսեանը եւ  բաժանմունքի  վարիչները:

Ողջունելով հիւրերը` նախարար Նալպանտեան նշեց, որ ԱԳՆ մեծ նշանակութիւն կու տայ  որակեալ անձնակազմի պատրաստման եւ այդ
առումով նախարարութեան եւ ԵՊՀ միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի մշտական կապն ու համագործակցութիւնը շատ կարեւոր են:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Մայր համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի  տնօրէնը նշեց, որ վերջին տարիներուն լրջօրէն ամրապնդուած է նախարարութեան եւ ԵՊՀ  միջեւ փոխգործակցութիւնը: Գեղամ Պետրոսեանի խօսքերով` աւանդական  դարձած են ԱԳ նախարարի սեպտեմբերեան դասախօսութիւնները առաջին տարուան ուսանողներուն համար: Ան նաեւ ընդգծեց, որ բաժանմունքի դասախօսներու կազմին գործող դիւանագէտներու թիւը շեշտակիօրէն աւելցած են:

Զրոյցին ընթացքին երկուստեք գոհունակութեամբ նշուեցաւ, որ Դիւանագիտական դպրոցի ունկնդիրներու մեծամասնութիւնը կը կազմեն հէնց միջազգային յարաբերութիւններու բաժինի  շրջանաւարտները:

Հանդիպման միտքեր փոխանակուեցան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան տարբեր ուղութիւններու շուրջ, ԱԳ նախարարը հիւրերուն ներկայացուց միջազգային օրակարգային գործընթացներու եւ խնդիրներու վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները: Նախարար Նալպանտեան հանգամանալից ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ձեռնարկուող ջանքերը:

Ձեռք բերուեցաւ համաձայնութիւն նման հանդիպումներ պարբերական իրականացներու վերաբերեալ: Այս մասին «Հայերն այսօր» -ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up