«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց-2016. Սփիւռքահայ Ուսուցիչները Այցելեցին Երեւանի Թիւ 141 Մանկապարտէզ

Յուլիս 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի «Հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչներու, կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում» դասընթացքի մասնակիցները այցելեցին Երեւանի թիւ 141 գիշերօթիկ մանկապարտէզը: «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` սփիւռքահայ ուսուցիչներուն դիմաւորեցին մանկապարտէզի աշխատակիցներն ու պատրաստակամօրէն ծանօթացուցին մանկապարտէզի առօրեային, կազմակերպեցին փոքրիկ շրջայց:

Մանկապարտէզի տնօրէն Լուսինէ Մատինեան ուսուցիչներուն ներկայացուց մանկապարտէզի ստեղծման պատմութիւնը եւ գործունէութիւնը:

Ուսուցիչները, ջերմ մթնոլորտի մէջ շրջելով մանկապարտէզին մէջ, ծանօթացան նաեւ այստեղ ապրող եւ յաճախող փոքրիկներուն հետ, դիտեցին երեխաներու ձեռագործ աշխատանքները:

Լուսինէ Մատինեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին յայտնեց, որ մանկապարտէզ կը  յաճախեն 300 երեխայ, որոնց մէկ մասը նաեւ մանկապարտէզին մէջ կը գիշերէ: Մանկապարտէզը կը գործէ 24 ժամ եւ ամբողջ տարի:

Մանկապարտէզը վերանորոգուած եւ ժամանակակից չափանիշներուն կը համապատասխանէ նաեւ` շնորհիւ սփիւռքահայ բարերարներու:

Ուսուցիչներուն հետ զրոյցին մանկապարտէզի տնօրէնը ըսաւ, որ շնորհակալ է Երեւանի քաղաքապետարանին, որ հէնց այս մանկապարտէզը  ընտրած են ուսուցիչներու այցելութեան համար:

Մանկապարտէզ այցելութիւնը յատկապէս հետաքրքիր էր սփիւռքահայ այն ուսուցիչներուն, որոնք իրենց համայնքներուն մէջ կ’աշխատին բողբոջ դասարաններու հետ: Մանկապարտէզին մէջ անոնց հնարաւորութիւն տրուեցաւ ծանօթանալու ծրագիրներուն եւ դասընթացներուն, որ անոնք կրնան կիրառել եւ օգտագործել իրենց խումբերուն մէջ:

Մանկապարտէզի փոքրիկները գեղեցիկ ձեռնարկ կազմակերպած էին` ուսուցիչներուն ողջունելու եւ հանդիպումը առաւել ջերմացնելու համար: Փոքրիկներու ցուցադրած ձեռնարկը այնքան գեղեցիկ էր, որ ուսուցիչներու մեծ մասը յուզուեցաւ:

Հանդիպման աւարտին Լուսինէ Մատինեան եւ մանկապարտէզի ողջ աշխատակազմը փոքրիկ հիւրասիրութիւն  կազմակերպած էին Սփիւռքէն ժամանած հիւրերուն համար, որուն շնորհիւ շփումը առաւել մտերմիկ, հետաքրքիր ու բովանդակալից դարձուց:

Մանկապարտէզին մէջ կը թեւածէր հայրենասիրական ոգին: Ուսուցիչները նշեցին, որ շատ բան ունին այս մանկապարտէզէն իրենց հետ տանելու, յատկապէս` մանուկներու պայծառ ու ջինջ աչքերը, որոնք լի են յոյսով ու հաւատով:

«Շատ տպաւորիչ եւ միաժամանակ յուզիչ էր մանկապարտէզ այցելութիւնը: Մենք ստացանք դրական լիցքեր ու յոյզեր, որոնք կը տանինք մեզի հետ: Շատ շնորհակալ եմ, որ բացի դպրոցներ այցելելէն` հնարաւորութիւն ունինք նաեւ մանկապարտէզներուն ծանօթանալու եւ  քանի մը վայրկեան անցնելու փոքրիկներու լուսաւոր աշխարհին մէջ: Անոնք մեզի տեղափոխեցին դէպի մեր մանկութիւն»,-«Հայերն այսօր»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսաւ յունաստանաբնակ ուսուցչուհի Ամալեայ Թադեւոսեան:

Լուսինէ Գրիգորեան

«Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի կամաւոր, ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի սփիւռքագիտութեան ամպիոնի ուսանող

մանկապարտեզ6մանկապարտեզ5մանկապարտեզ մանկապարտեզ1մանկապարտեզ2 մանկապարտեզ4

Scroll Up