Անին Ընդգրկուած Է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մշակութային Ժառանգութեան Ցանկին Մէջ
Միջնադարեան Հայաստանի մայրաքաղաք Անին ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան:
«Բագրատունեաց Հայաստանի մայրաքաղաքը` Անին, որը համարւում է «1000 եւ 1 եկեղեցիների քաղաք», ընդգրկուել է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշակութային արժէքների ցանկում»,- գրած է Տիգրան Բալայեան:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած նկարագրութեան մէջ Անին ներկայացուած է որպէս հայերուն կողմէ հիմնադրուած քաղաք: Մասնաւորապէս, կ’ըսուի, որ չնայած Անի քաղաքի հիմնադրման վերաբերեալ շատ քիչ տեղեկութիւններ կան, այնուամենայնիւ, յայտնի է, որ քաղաքը բնակեցուած է ուրարտական ժամանակաշրջանին` մ.թ.ա առաջին հազարամեակի առաջին կէսին:
«Անին առանձնայատուկ վերելք ապրած է Հայոց Բագրատունիներու արքայատոհմի ժամանակաշրջանին: Չնայած Աշոտ Բագրատունիի օրօք երկրի մայրաքաղաքը Կարսն էր, Աշոտ Երրորդը 961 թուականին Անին հռչակեց որպէս Հայաստանի մայրաքաղաք: Իր նոր կարգավիճակով քաղաքը ընդարձակուեցաւ` ամրոցէն վերածուելով թագաւորական նստավայրի: 10-11-րդ դարերուն Գագիկ Առաջինի գահակալութեան տարիներուն քաղաքը աննկարագրելիօրէն կը բարգաւաճի` դառնալով մշակութային, կրօնական, տնտեսական կարեւոր կեդրոնի: Հէնց այս ժամանակահատուածին մէջ, որ հանրայայտ Տրդատ ճարտարապետը կը կառուցէ Անիի Մայր տաճարը եւ Սուրբ Գրիգոր դամբարան եկեղեցին», ըսուած է կայքին մէջ:
Կայքին մէջ նաեւ կը նշուի, որ հայոց արքայ Գագիկ Առաջինի գահակալութենէն յետոյ քաղաք ներխուժած են վրացիները, արաբները եւ բիւզանդացիները: 1045 թուականին բիւզանդացիները կը գրաւեն քաղաքը, իսկ 1064 թուականին այն կը նուաճեն սելջուկ թուրքերը: «Անիի տարածքին մէջ բազում եկեղեցիներու առկայութեան պատճառով այն ստացած է «1001 եկեղեցիներու քաղաք» անուանումը: Եկեղեցիներէն շատերը կառուցուած են 12-13րդ դարերուն: Սկիզբ առնելով դեռեւս 989 թուականին Սմբատ Բագրատունիի գահակալութեան օրօք` Անիի Սուրբ Աստուածածին Կաթողիկէ եկեղեցւոյ շինարարութիւնը աւարտին հասցուեցաւ 1001 թուականին Սմբատ Բագրատունիի յետնորդներէն` Գագիկ Առաջինի կնոջ Կատրամիդէ թագուհիի շնորհիւ է, կը նշուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պաշտօնական կայքին մէջ: «Համոզուեցանք, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան 40-րդ նիստին բոլոր մասնակիցները հասկցան, որ Անին հայկական է», ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովի գլխաւոր քարտուղար Վահրամ Կաժոյեան: