Կայացած Է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Եւ Տեղական Մարմիններու 25-րդ Համատեղ Նիստը

Մայիս 27-ին ՀՀ կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի  ունեցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու 25-րդ համատեղ նիստը, որ վարած է խորհուրդի նախագահ, ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

Մինչ օրակարգի հարցերու քննարկման անցնիլը, նիստի մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են կեանքէն հեռացած հոգաբարձուներու խորհուրդի նախկին անդամ` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ի յիշատակը:

Օրակարգի ծիրէն ներս «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան ներկայացուցած է 2015թ. կատարուած աշխատանքներուն վերաբերեալ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր վարչութեան հաշուետուութիւնը, որուն աւարտին նիստի մասնակիցները դիտած են հիմնադրամի 2015թ. գործունէութեան մասին տեսաֆիլմ: Խորհուրդը ընդունած է հաշուետուութիւնը` ի գիտութիւն ընդունելով վերստուգիչ յանձնաժողովի զեկոյցը: Այն ներկայացուցած են վերստուգիչ յանձնաժողովի անդամ Արա Ասլան եւ «Կրանտ Թորնթօն» կացութիւնը հսկող  կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Էմիլ Վասիլեան:

Օրակարգի յաջորդ հարցը` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Մարաթոն-2016»-ի նպատակաուղղուածութեան մասին, զեկուցած է ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան: ԼՂՀ Նախագահի զեկոյցէն յետոյ, տեղի  ունեցած է մտքերու փոխանակում, որուն ժամանակ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները եւ տեղական մարմիններու ներկայացուցիչները ներկայացուցած են իրենց կարծիքներն ու առաջարկութիւնները, որոնք կ’ամփոփուին գործադիր վարչութեան կողմէ: Խորհուրդը միաձայն հաստատած է «Մարաթոն-2016»-ի նպատակաուղղուածութեան մասին զեկուցը:

Հայաստան1Հայաստան2 Հայաստան3Հայաստան4

Scroll Up