Վիրահայոց Թեմէն Ներս Յաւուր Պատշաճի Նշուեցաւ Սուրբ Թարգմանչաց Տօնը
Հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ տօնացոյցով հոկտեմբեր 12-ին նշուեցաւ Սուրբ թարգմանիչ Վարդապետներ Սահակ Պարթեւի,Մեսրոպ Մաշտոցի եւ անոնց աշակերտներու տօնը: Այն հայ ժողովուրդի նուիրական եւ սիրուած ազգային –եկեղեցական տօներէն է:
Թարգմանչաց տօնը յաւուր պատշաճի նշուեցաւ վիրահայոց թեմէն ներս: Այս տօնին նուիրուած էր յայտնի դաշնակահար, Թիֆլիսի նախկին բնակիչ, այժմ գերմանիոյ մէջ գործող Մամիկոն Նահապետովի դաշնամուրային երաժշտութեան համերգը, որ տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 11-ին: Իսկ հոկտեմբեր 12-ին Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ, վիրահայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ տ. Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի հանդիսապետութեամբ, մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ: Պատարագիչն էր Սբ. Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ լուսարարապետ Տ. Յուսիկ քհն. Յարութիւնեան: Յատկանշական է, որ ի թիւս բազում հաւատացեալներու, Սբ. պատարագին ներկայ էին «Սբ. Մովսէս Խորենացի» նախակրթարանի աշակերտները եւ «Սբ. Գրիգոր Նարեկացի» մէկօրեայ վարժարանի սաները: