Հեսսենի Մէջ Նշուեցաւ Հայ Մշակութային Միութեան 45-Ամեակը
Հոկտեմբեր 25-ին Ֆրանքֆուրտի «Խնայդրամբանկ»-ի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հեսսենի հայ մշակութային միութեան 45-ամեակին նուիրուած տօնական համերգ: Համերգին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մշակութային միութեան նախագահ Լուսինէ Վարդումեան, որ ներկայացուց նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը: Տօնական համերգին ելոյթ ունեցան Արեւիկ Բեգլարեան, Սեդա Ամիթ-Կարայեան, Լուսինէ Խաչատրեան, Կորիւն Ասատրեան, Սերգէյ Խաչատրեան, Աննա Մայիլեան: Համերգին ներկայ եղած են աւելի քան 200 հիւրեր: